ՖՐԱՆՍԱ — Պելֆոնթէն 2026.
SONY DSC
Բաց դռներու օրը՝ տօնական եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ
Կիրակի, Յուլիս 12-ին, Ֆրանսահայ Կապոյտ խաչի՝ Ժիւրա շրջանին մէջ գտնուող Պելֆոնթէնի ամառնային արձակուրդի ճամբարը յատկանշական եռուզեռի մը մէջ էր. կեդրոնի աւանդական «Բաց դռներ»-ու օրուան առիթով, Ֆրանսայի չորս ծագերէն ժամանած ծնողները խմբուած էին հոն՝ օրը իրենց զաւակներուն հետ անցընելու ջերմ նպատակով։
Տօնախմբութիւնը սկիզբ առաւ դրօշներու բարձրացման հանդիսաւոր արարողութեամբ եւ փոքրիկներուն կողմէ խանդավառութեամբ հնչած փառերգերով։ Այնուհետեւ, ներկաները առիթը ունեցան հաճելի պահեր անցընելու տաղաւարներուն տակ եւ վայելելու Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի անդամուհիներուն կողմէ մեծ հոգատարութեամբ պատրաստուած ճոխ հիւրասիրութիւնը։

Օրուան յայտագիրը բաւական ճոխ էր։ Իւրաքանչիւր տարիքային խումբ հանդէս եկաւ պարի, երգի եւ նոյնիսկ թատերական փոքրիկ ներկայացումով, որոնք պսակուեցան բոլորին կողմէ միասնաբար կատարուած հայկական աւանդական «Քոչարի»-ով։ Տօնական մթնոլորտը աւելի եւս աշխուժացաւ, երբ տեղի ունեցաւ ծնողներուն եւ ճամբարականներուն միջեւ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը։ Այս խաղը կայացաւ կեդրոնի բոլորովին նոր ու արդիական մարզադաշտին վրայ, որ կառուցուած է տիար Տատիկեանի բարերարութեամբ. փոքրիկները պատեհ առիթը ունեցան անձամբ շնորհակալութիւն յայտնելու բարերարին՝ այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար։

Վերամիացման եւ յուզումնախառն պահերով լեցուն այս արեւոտ ու փառաւոր տօնախմբութիւնը, որ հաճելի պահեր պարգեւեց բոլորին ալ, իր աւարտին հասաւ դրօշներու իջեցման արարողութեամբ։ Ծնողներն ու զաւակները հրաժեշտ տուին իրարու՝ ամսավերջին վերջնապէս վերամիանալու ջերմ սպասումով։
Ժամադրութիւն՝ 2027 թուականի ճամբարի յաջորդ տօնահանդէսին։
Թ.Շ. ■
