Արցախի «գերեզմանափորը» անոր քաղաքական վերնախաւն է
Վահրամ ԱԹԱՆԷՍԵԱՆ
« 1in.am », Երեւան, 2026 Յուլիս 24
Հայաստանի մէջ արդէն աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր վիճարկումի մշակոյթ գոյութիւն չունի, բայց այս մէկը բացառութիւն է։ «Դեմոկրատական այլընտրանք» կուսակցութեան նախագահ Սուրէն Սուրէնեանց «Հրապարակ»-ին ըսած է, որ «Փրակայի քառակողմ փաստաթուղթը Արցախի գերեզմանափորը դարձաւ»։
Խօսքը ինչի՞ մասին է։ 2022 Ապրիլին Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովին մէջ յայտարարած է, որ գործընկերները իրեն կ՚առաջարկեն իջեցնել նշաձողը Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցով, փոխարէնը՝ հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներու միջազգային երաշխիքներով ապահովման։
Փաշինեան, անկասկած, այդ հեռանկարը ներկայացուցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութեան, յատկապէս՝ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին։ Ի՞նչ յաջորդեց ասոր։ Փաշինեանի հրապարակային յայտարարութենէն մէկ շաբաթ ետք, Ստեփանակերտի մէջ հրապարակուեցաւ Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը, որ ընդունուած էր բոլոր հինգ խմբակցութիւններու համաձայնութեամբ։
Այդ փաստաթուղթը ունի երկու սկզբունքային դրոյթ։ Առաջինը կը սահմանէ, որ Հայաստանի վարչապետը Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցով Ազերպայճանի եւ միջազգային գործընկերներու հետ բանակցելու լիազօրութիւն չունի, իսկ երկրորդը՝ յստակ, միանշանակ եւ տարընթերցումի տեղ չձգող ձեւակերպումով կը սահմանէ, թէ՝ «Արցախը չի կրնար ըլլալ անկախ Ազերպայճանի կազմին մէջ»։
Թէ իրադարձութիւնները ինչպէ՞ս կը զարգանային, եթէ Ստեփանակերտը՝ խորհրդարանի քաղաքական ուժերու մակարդակով չմերժէր կարգավիճակի հարցով նշաձողը իջեցնել, կամ պարզ խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութենէն կամ Հայաստանի հետ միաւորումէն հրաժարելու եւ հայ բնակչութեան անվտանգութիւնն ու իրաւունքները միջազգային երաշխիքներով ապահովելու առաջարկը, ոչ ոք կրնայ կամ կրնար կանխատեսել։
Բայց ըսուած է, որ անցեալը «ըղձական եղանակ չի հանդուրժեր», այսինքն՝ պէտք է դատել ըստ փաստերու։ Իսկ իրողութիւնը այն է, որ ԼՂՀ Ազգային ժողովի այդ յայտարարութենէն երեք ամիս ետք, Ռուսաստանի խաղաղապահներու պատասխանատւութեան գօտիին մէջ Ազերպայճան առաջին «վրէժխնդրական» ռազմական գործողութիւնը իրականացուց եւ փաստացի գրաւեց Լաչինի միջանցքը։
Փրակայի քառակողմ «փաստաթուղթը», որուն մասին ընդդիմադիր որեւէ գործիչ կը սիրէ դատողութիւններ ընել, ընդունուած է Լաչինի միջանցքին՝ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան լռելեայն համաձայնութեամբ Ազերպայճանի տիրանալէն երկու ամիս, եւ Հայաստանի գերիշխան տարածք ազերպայճանական զինուժին ներխուժելէն երեք շաբաթ ետք։
Ա՛յս է փաստացի իրականութիւնը։ Քաղաքական, մա՛նաւանդ իրաւական գնահատականներու ժամանակը, յուսանք, շատ չ’ուշանար։
