Արամայիս Աւետիսեան ընտրուեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն

Արամայիս Աւետիսեան

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը Արամայիս Աւետիսեանը ընտրեց հիմնադրամի գործադիր տնօրէն՝ 22 թեր, 0 դէմ եւ 2 ձեռնպահ քուէներով։ Հիմնադրամի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ նիստին մասնակցեցան խորհուրդի 29 անդամներէն 24-ը։ Նորանշանակ տնօրէնը իր պարտականութիւնները կը ստանձնէ 2026 Օգոստոս 24-էն սկսեալ։

Խորհուրդին ներկայացուցած իր տեսլականին մէջ, Աւետիսեան առանձնացուց Հիմնադրամի զարգացման գլխաւոր ուղղութիւնները. անոնք կ’ընդգրկեն կազմակերպչական կարողութիւններու ամրապնդում եւ գործառնական արդիւնաւէտութեան բարձրացում, վստահութեան, հաշուետուողականութեան ու թափանցիկութեան նոր մշակոյթի ձեւաւորում, ինչպէս նաեւ անցում՝ արագ արձագանգման գործունէութենէն դէպի երկարաժամկէտ ռազմավարական ծրագրաւորում՝ միշտ պահպանելով Հայաստան-Սփիւռք կապի ամրապնդումը իբրեւ հիմնադրամի առանցքային առաքելութիւն:

Տնտեսագէտ եւ կառավարման մասնագէտ Արամայիս Աւետիսեան ունի շուրջ 13 տարուան փորձառութիւն պետական, մասնաւոր եւ հասարակական մարզերուն մէջ։ Անոր մասնագիտական ուղին կ’ընդգրկէ կազմակերպութիւններու կառավարում եւ հաստատութենական զարգացում, ռազմավարական ծրագրաւորում, հանրային քաղաքականութիւն, շահառուներու հետ աշխատանք, դրամահաւաք եւ հաղորդակցութիւն։ 2022-էն ի վեր ան կը վարէր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի օգնականի պաշտօնը։

Ան իր բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Հայաստանի Պետական Տնտեսագիտական համալսարանին մէջ՝ միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններու մասնագիտութեամբ։ Մասնաւոր հատուածին մէջ աշխատած է «ՎԵՈՆ Արմենիա», «Տաւուշ Թեքստիլ» եւ «Ականաթ» ընկերութիւններուն մէջ։ 2018-ին ան համահիմնադրած է «Քաղաքական երկխօսութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը եւ մինչեւ 2022 վարած՝ անոր գործադիր տնօրէնի պաշտօնը։ Աւետիսեան ամուսնացած է եւ իր պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը անցուցած է Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ։

2025-էն ի վեր Աւետիսեան արդէն իսկ ներգրաւուած էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ծրագրերուն մէջ։ Ան համակարգած է 2025-ի «Հայրենիք եւ յաւերժութիւն» համահայկական դրամահաւաք-արշաւը, որուն շնորհիւ գոյացած է շուրջ 17 միլիոն ամերիկեան տոլար՝ մօտաւորապէս 30 տոկոսով գերազանցելով վերջին տարիներու միջին ցուցանիշը։

Յիշեցնենք, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ստեղծուած է 1992-ին՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ներուժը Հայաստանի զարգացման ու ամրապնդման շուրջ համախմբելու նպատակով։ Աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր, Հիմնադրամը կ’իրագործէ ենթակառուցային, կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ զարգացման զանազան ծրագրեր՝ ծառայելով իբրեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան համահայկական հարթակ։ Անիկա նաեւ կը համախմբէ համահայկական ներուժը՝ մարդասիրական ճգնաժամերուն եւ այլ հրատապ մարտահրաւէրներուն արձագանգելու նպատակով։