Արտաւազդ Փելէշեանի վերականգնուած ութ ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին Նիւ Եորքի փառատօնին

Արտաւազդ

Հայ շարժանկարի անուանի բեմադիր Արտաւազդ Փելէշեանի նորովի վերականգնուած ութ գլուխ-գործոցները պիտի ցուցադրուին Նիւ Եորքի 64-րդ շարժանկարի փառատօնի հեղինակաւոր «Վերածնունդ» (Revivals) բաժնին մէջ։ Յետահայեաց այս ծրագիրը կ’ընդգրկէ Փելէշեանի ամէնէն նշանաւոր ստեղծագործութիւնները, որոնց շարքին են «Մենք», «Տարուան եղանակները», «Մեր դարը» եւ «Կեանք» վաւերագրական ժապաւէնները։ Բեմադիրին անմիջական հսկողութեամբ վերականգնուած այս հաւաքածոն իր առաջին ցուցադրութիւնը ունեցաւ Գաննի այս տարուան փառատօնին եւ կը նախատեսուի զայն ներկայացնել նաեւ Թորոնթոյի միջազգային փառատօնի ընթացքին։ Նշենք, որ Նիւ Եորքի փառատօնը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 25-էն Հոկտեմբեր 12։