«Հայրենիքէն դուրս հայրենիք պէտք չէ փնտռել»
Փաշինեանի անդրադարձը՝ սահմանազատման, անքլաւներու հարցին եւ Ղարաբաղեան շարժման, «Պատմական» եւ «իրական» հայրենիքներու հակադրութեան ծիրին մէջ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանին մէջ Օգոստոս 24-ին յայտարարած է, որ հայերը պէտք չէ հայրենիք փնտռեն իրենց չորս դրացիներուն՝ Ազերպայճանի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Վրաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներուն մէջ: “Երբ մենք հայրենիք կը փնտռենք մեր չորս դրացիներուն տարածքին մէջ, դուռ կը բանանք անոնց ալ իրենց հայրենիքը փնտռելուն Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին մէջ: Հետեւանքը այն կ՚ըլլայ, որ մենք կը փնտռենք չորս տեղ, իսկ անոնք չորսով կը փնտռեն մէկ տեղ՝ մեր երկրին մէջ”,– նշած է վարչապետը՝ շեշտելով, որ ճիշդ ասիկա է «հայրենիքէն դուրս հայրենիք փնտռելը»։
Այս տրամաբանութեամբ, ան ընդգծած է, որ Հայաստանի 29.743 քառակուսի քիլոմեթր տարածքին մէջ չեն մտներ իր նշած անքլաւները (կղզիացած տարածքներ)։ Պատասխանելով ընդդիմադիր երեսփոխան Գեղամ Մանուկեանի հարցումին, թէ ինչո՞ւ վարչապետը այժմ բացայայտօրէն կը խօսի Տիգրանաշէնն ու այլ անքլաւներ յանձնելու մասին, Փաշինեան կարեւոր նկատած է միջպետական բարոյագիտութիւն ձեւաւորելը։ Ան նկատել տուած է, որ հիմնական խնդիրը այն է, որ Արարատ գիւղին «Տաւալու» կ՚ըսենք, իսկ Քեարքիին՝ «Տիգրանաշէն»։ Ըստ վարչապետին՝ ընդդիմութեան տրամաբանութեամբ շարժիլը կը նշանակէ հրաժարիլ Արծուաշէնէն ու Ջերմուկի գրաւեալ տարածքներէն եւ մերժել սահմանի գոյութիւնը։
Անդրադառնալով մէկ այլ երեսփոխանի հարցումին, թէ Ազերպայճան ե՞րբ պիտի վերադարձնէ Պառաւաքարի, Գորիսի եւ Ջերմուկի հայկական հողերը՝ նկատի ունենալով որ սահմանազատման գործընթացին մէջ առայժմ միայն հայկական կողմը զիջումներ ըրած է, Փաշինեան նշած է, որ ատիկա պիտի ըլլայ սահմանազատման շնորհիւ։ Ան բացատրած է, որ «Քեարքի» անուանումը կը գործածէ ոչ թէ ազերպայճանամէտ ըլլալուն համար, այլ որպէսզի կասկածի տակ չդնէ խաղաղութեան իրաւական հիմք ծառայող քարտէսները։ Վարչապետը վստահեցուցած է, որ եթէ հարցին շուրջ լարումը թուլնայ, անիկա պարզ արհեստագիտական լուծում կը ստանայ, եւ վերջաւորութեան՝ Հայաստանի տարածքը, ինչպէս իրաւաբանօրէն (de jure) այսօր, պիտի ըլլայ 29.743 քառակուսի քիլոմեթր։ Վարչապետը յիշեցուցած է նաեւ, որ անքլաւներու հարցով տակաւին որեւէ համաձայնութիւն գոյութիւն չունի։
Իր խօսքը եզրափակելով, Փաշինեան վերստին անդրադարձած է Արցախի հարցին եւ աւագ սերունդի գաղափարախօսութեան. “Ես չեմ մոռցած, որ ըսած եմ՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», բայց այսօր կ՚ուզեմ մէկ անգամ ընդմիշտ ամփոփել այս նիւթը”։ Ան յայտարարած է, որ Ղարաբաղեան շարժումը, որուն նուիրուած էին հայաստանեան աւագ ու միջին սերունդի գրեթէ բոլոր քաղաքական գործիչները, իրականութեան մէջ «Հայաստանի ապագան ոչնչացնելու ծրագիր մըն էր»։ Փաշինեան նշած է, որ իրենք, ժողովուրդին տուած լիազօրագրով, վերջ տուած են այդ ծրագրին՝ բանալով անսահմանափակ կարելիութիւններ Հայաստանի պետականութեան յարատեւութեան համար։ Այս ծիրին մէջ ան յիշեցուցած է Յունիսին խորհրդարանին մէջ իր կատարած յայտարարութիւնը, թէ՝ «մենք ոչ թէ կորսնցուցինք Լեռնային Ղարաբաղը, այլ գտանք Հայաստանի Հանրապետութիւնը»։
