Փաշինեան կոչ կ՚ընէ վերջ տալու Հայոց ցեղասպանութիւնը որպէս զէնք գործածելու գործընթացին
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Օգոստոս 24-ին, խորհրդարանին մէջ կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է վերջ դնել Հայոց ցեղասպանութիւնը որպէս զէնք գործածելու գործընթացին, քանի որ այդ զէնքին կրակոցներէն վերստին հայ ժողովուրդը պիտի տուժէ։
Անդրադառնալով Ապրիլ 24-ին՝ վարչապետը շեշտած է, որ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ խոնարհելով ու խոկալով հանդերձ, պէտք է հաստատակամօրէն որոշել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք չէ վերածուի բոլոր ժամանակներու կոտորածներու, տեղահանութիւններու եւ Ցեղասպանութեան զոհերուն կամ անոնց սերունդներուն գերեզմանին։ Ընդհակառակն, անիկա պէտք է ըլլայ այն հայրենիք-պետութիւնը, ուր մարդիկ կ՚ապրին ազատ, բարեկեցիկ եւ անվտանգ պայմաններու մէջ:
Փաշինեան նաեւ ընդգծած է, որ հայերը այլեւս պէտք չէ երազեն ուրիշ հայրենիքի մը մասին, որովհետեւ գոյութիւն ունեցող պետութիւնն իսկ մեր երազանքներու հայրենիքն է: Ըստ անոր՝ գլխաւոր առաջնահերթութիւնը այս հայրենիքը զարգացնելն ու զայն յաջորդող սերունդներուն յաւերժ փոխանցելն է:
Այս նպատակին հասնելու համար, ան անհրաժեշտ նկատած է պետութեան գոյատեւման ու անվտանգութեան ապահովումը՝ յորդորելով դասեր քաղել հին ու նոր պատմութենէն եւ գիտակցիլ, թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ անվտանգութեան յոյսերը կը կապուին ուրիշներուն:
