Պետական Տումայէն կը զգուշացնեն. «Հայաստան կրնայ զրկուիլ բոլոր արտօնութիւններէն»
Ռուսաստան Հայաստանէն ետ պիտի առնէ բոլոր «նուէրները» եւ արտօնութիւնները, եթէ անիկա շարունակէ Արեւմուտքին հետ իր սիրախաղը։ Այս մասին, Օգոստոս 25-ին, ԹԱՍՍ գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարած է Ռուսաստանի Պետական Տումայի միջազգային հարցերու յանձնախումբի փոխնախագահ Ալեքսէյ Չեփա:
“Հայաստան չի կրնար միաժամանակ երկու աթոռի վրայ նստիլ: Անոնք կ՚ուզեն արտօնութիւններ ստանալ Ռուսաստանէն, բայց միեւնոյն ժամանակ Արեւմուտքի խաղը խաղալ: Թող խաղան, բայց այդ պարագային, բնականաբար, մենք ալ մեր «նուէրները» ետ պիտի առնենք”,– նշած է ռուս երեսփոխանը՝ աւելցնելով, որ նման պարագայի «Փաշինեան բարդ կացութեան մէջ պիտի յայտնուի»։
Մոսկուա կը պնդէ, որ Հայաստան պէտք է հանրաքուէ կատարէ՝ յստակ ընտրութիւն կատարելով Եւրոպական եւ Եւրասիական միութիւններուն միջեւ։
Նշենք, որ նախօրդ օր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Հայաստան յառաջիկային պիտի սկսի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու պաշտօնական դիմում ներկայացնելու գործընթացին: “Իմ ընկալումս այն է, որ մենք անդամակցութեան հարցով հանրաքուէ պիտի կատարենք ԵՄ-ին պաշտօնապէս դիմելէ, համապատասխան արձագանգ ստանալէ եւ գործընթացին վերաբերեալ ճանապարհային քարտէս ունենալէ ետք”,– ընդգծած էր ան:
***
Միւս կողմէ, Ուքրաինայի նախագահ Զելենսքին ալ յայտարարած է, որ հայ ժողովուրդը վստահօրէն կ՚ընթանայ Եւրոպական Միութեան հետ կապերու սերտացման ուղիով, եւ Ուքրաինան պատրաստ է օգնութիւն ցուցաբերելու իր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ։
Այս մասին ան գրած է «X» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի նախագահին եւ վարչապետին՝ Ուքրաինայի անկախութեան օրուան առիթով իրեն յղուած շնորհաւորական ուղերձներուն համար։
«Երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը նոր թափ ստացած է։ Կը յուսանք, որ ասոր պիտի յաջորդէ տարբեր մարզերու մէջ մեր պետութիւններուն աւելի սերտ համագործակցութիւնը»,– նշած է Զելենսքին։
