Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է բացակայելու արգելքը

ՍՍ

Օգոստոս 26-ին, Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է երկրէն բացակայելու արգելքը։ Այս մասին տեղեկացուցած են Եղծանման դէմ պայքարի կոմիտէէն:

Նշենք, որ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի եւ անոր որդիին՝ Սեդրակ Քոչարեանի դէմ յարուցուած քրէական վարոյթի ծիրին մէջ, նախորդ օր Եղծանման դէմ պայքարի կոմիտէ հրաւիրուած էր նաեւ Սերժ Սարգսեանը։ Աւելի քան մէկուկէս ժամ հարցաքննուելէ ետք Կոմիտէի շէնքէն դուրս ելլելով՝ Սարգսեան յայտարարած էր, որ տակաւին չի հասկնար, թէ քրէական գործը ի՛նչ բանի կը վերաբերի։