Վերցուած է ՀՀ քաղաքացի երեխաներու պոլսահայ դպրոցներ յաճախելու արգելքը
Թուրքիա բնակող ՀՀ քաղաքացի երեխաներուն՝ պոլսահայ վարժարաններ յաճախելու արգելքը վերցուած է, եւ խնդիրը արագօրէն ստացած է դրական լուծում։ 2012-էն ի վեր, Թուրքիոյ օրէնսդրութեամբ, օտարերկրեայ (ներառեալ՝ Հայաստանի) քաղաքացիներու զաւակները իրաւունք ունէին Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն մէջ ուսանելու իբրեւ «հիւր աշակերտ»։ Սակայն Օգոստոսի կէսերուն Կրթութեան նախարարութեան տեսուչները անակնկալ ստուգումներու ընթացքին բանաւոր կերպով արգիլեցին այս աշակերտներուն մուտքը հայկական դպրոցներ՝ առաջարկելով զանոնք տեղափոխել թրքական պետական դպրոցներ, ինչ որ մեծ անհանգստութիւն յառաջացուց պոլսահայ համայնքէն ներս:
Հարցը հարթելու նպատակով, Օգոստոս 24-ին Թուրքիոյ հայկական հիմնադրամներու միութիւնը, Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանի եւ երեսփոխաններու մասնակցութեամբ, հրատապ հանդիպում մը գումարեց։ Երկու օր ետք, Թուրքիոյ իշխանութեան կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Սեւան Սըվաճըօղլու, Կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի հետ հանդիպելէ ետք յայտարարեց, որ նոր սահմանափակումներ չկան։
Այսպէսով, կեցութեան կամ աշխատանքի արտօնագիր ունեցող ընտանիքներու զաւակները կրնան շարունակել իրենց կրթութիւնը պոլսահայ դպրոցներուն մէջ նոյն «հիւր աշակերտ»-ի կարգավիճակով։ Նշենք նաեւ, որ Պոլսոյ մէջ կը գործէ «Հրանդ Տինք» դպրոցը, որ ունի առանձնայատուկ կարգավիճակ եւ կ՚առաջնորդուի բացառապէս ՀՀ կրթական ծրագրով։
