ՀՀ դիւանագիտական հաւաք Գիւմրիի մէջ եւ այց հայ-թրքական սահման

ԱԳՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար կազմն ու արտասահմանի հայ դեսպանները այս տարի իրենց աշխատաժողովը գումարեցին Գիւմրիի մէջ՝ մասնակցութեամբ հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի։ Հաւաքի ընթացքին յատկապէս շեշտուեցաւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ տնտեսական բաղադրիչի խթանման կարեւորութիւնը։ Այս նոր ռազմավարութեան լոյսին տակ, գերատեսչութիւնը պաշտօնապէս վերանուանուած է «Արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարարութիւն»՝ նպատակ ունենալով դիւանագիտական խողովակներով ապահովել երկրի տնտեսական զարգացումն ու քաղաքացիներու բարեկեցութիւնը։

Աշխատաժողովի ծիրէն ներս, դիւանագիտական կազմը այցելեց նաեւ հայ-թրքական սահմանի «Մարգարա» անցակէտ։ Ինչպէս ներկայացուց Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահը, հայկական կողմը արդէն իսկ շուրջ 1 միլիառ դրամ ծախսած է անցակէտի հիմնապէս նորոգման եւ արդիականացման համար, զայն դարձնելով շահագործման լիովին պատրաստ։ Հակառակ այս պատրաստակամութեան, սակայն, Թուրքիա դեռ չէ բացած սահմանի իր հատուածը հանդիսացող «Ալիճան» անցակէտը։ Թէեւ Երեւանն ու Անգարան 2022 թուականին իսկ սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար ամենակարճ ժամկէտներու մէջ բանալու շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերած էին, թրքական կողմը կը շարունակէ չտրամադրել 1990-ականներու սկիզբէն ի վեր փակ մնացող սահմանի բացման յստակ ժամանակացոյց մը։