Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Հնդկաստանի վարչապետին հետ
Օգոստոս 31-ին, Պիշքէքի մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ կողմերը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային հարցերու շուրջ. մասնաւորապէս՝ անդրադարձ կատարուած է TRIPP ծրագրի իրագործման ընթացքին։
«Զրուցակիցները գոհունակութեամբ հաստատած են Հայաստան-Հնդկաստան յարաբերութիւններու զարգացումը եւ յատկապէս շեշտած են համագործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելու կարեւորութիւնը։ Անոնք քննարկած են տնտեսութեան, արհեստագիտութեան, առողջապահութեան ու դեղագործութեան, կրթութեան, ենթակառոյցներու, ներդրումներու եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներէն ներս համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր»,– նշուած է Հայաստանի կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպումէն ետք Հնդկաստանի վարչապետը ընկերային ցանցերու վրայ գրած է. «Հիանալի հանդիպում ունեցայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ»։
«Հնդկաստան-Հայաստան համագործակցութիւնը պիտի ընդլայնի պաշտպանութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, տիեզերական ոլորտի, կրթութեան, դեղագործութեան եւ այլ մարզերու մէջ: Մենք վստահ ենք, որ յառաջիկային պիտի խորացնենք առեւտրային եւ ներդրումային կապերը»,– աւելցուցած է Հնդկաստանի վարչապետը:
