«Անյապաղ եւ անվերապահ ազատութիւն բոլոր հայ գերիներուն»

Փարիզի ցուցահանդէս-2

Ձախէն՝ Փարիզի քաղաքապետի միջազգային հարցերու կցորդ Օտրէ Փիւլվար, CCAF-ի համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան

Ցուցահանդէս՝ Փարիզի մէջ

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) նախաձեռնութեամբ, Փարիզի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ մինչեւ Սեպտեմբեր 4 կը շարունակուի Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ գերիներու իրավիճակին նուիրուած ցուցահանդէսը: Այս կարեւոր քայլով կազմակերպիչները կը նպատակադրեն լայն հանրութիւնը իրազեկ դարձնել հայ արգելափակուած անձերու ճակատագրին մասին՝ անոնց հարցը վառ պահելով հանրային ուշադրութեան կեդրոնը: 

Ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ Պաքուի մէջ պահուող 19 հայ պատանդներու դիմանկարները։ Անիկա Փարիզի քաղաքապետարանի նախաձեռնութիւնն է՝ իրագործուած Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) ջանքերով։ Ծրագրի մասին անցեալ Ապրիլ 14-ին յայտարարած էր քաղաքապետ Էմանիւէլ Կրեկուար՝ միջազգային հարցերու կցորդ Օտրէ Փիւլվարի աջակցութեամբ։

Ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 2-ին: