Նախագահ Մաքրոն Շաբաթ, Նոյեմբեր 12-ին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի հետ։
Այս հանդիպման ընթացքին երկու ղեկավարները փափաք յայտնած են պահպանելու Հոկտեմբեր 6-ին Փրակայի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի ընթացքին հաստատուած սերտ գործակցութիւնը։
Նախագահ Մաքրոն ողջունած է Հայաստան-Ազերպայճան սահմանի երկայնքին գործող Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դէտերու առաքելութեան դրական դերը, որու տեղակայման մասին որոշուած էր վերոնշեալ վեհաժողովին։
Ան վերահաստատած է Ֆրանսայի ամբողջական պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու երկու երկրներու (Հայաստանի եւ Ազերպայճանի – «ՆՅ») միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ աշխատելու՝ քաղաքական լուծման եւ տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան յանգելու համար։
Նշենք, որ Ազերպայճանի նախագահի գրասենեակէն նոյն հեռաձայնային զրոյցին մասին ըսուած է. «Նախագահ Իլհամ Ալիեւ խօսեցաւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին չէզոք, անկողմնակալ եւ հաւասարակշռուած մօտեցման կարեւորութեան մասին։ Երկրի ղեկավարը (Ազերպայճանի – «ՆՅ») ընդգծեց, որ վերջին օրերուն հայկական կողմի յայտարարութիւնները կը հակասեն երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան ուղղուած օրակարգին»։