Ազերպայճանի դեսպանը կը բողոքէ Փարիզի քաղաքապետին…
… հայ գերիներուն նուիրուած ցուցահանդէսին հարցով
Ֆրանսայի մէջ Ազերպայճանի դեսպան Լեյլա Ապտուլլաեւա բողոքագիր յղած է Փարիզի քաղաքապետ Էմանիւէլ Կրեկուարին՝ պահանջելով դադրեցնել Փարիզի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ բացուած հայ գերիներուն եւ Արցախի նախկին ղեկավարներուն նուիրուած ցուցահանդէսը: Ըստ դեսպանին՝ այս նախաձեռնութիւնը կը հակասէ երկու երկիրներուն (իմա՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի) միջեւ սկսած խաղաղութեան գործընթացի ոգիին։
Իր նամակին մէջ Ապտուլլաեւա կը պնդէ, որ նախաձեռնութիւնը կու գայ ֆրանսահայ համայնքէն եւ չի համապատասխաներ խաղաղութեան հասնելու Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած օրակարգին։ Ան նաեւ փորձած է արդարացնել Պաքուի մէջ պահուող գերիներուն դէմ յարուցուած շինծու մեղադրանքները՝ զանոնք վերագրելով ծանր յանցագործութիւններու (մարդկութեան դէմ ոճիրներ, ռազմական ոճիրներ, ահաբեկչութիւն, ինչպէս նաեւ իշխանութիւնը բռնութեամբ գրաւելու փորձ։ Դեսպանը յատկապէս շեշտած է Ռուբէն Վարդանեանի անունը՝ յայտարարելով, թէ անոր ազատ արձակման պահանջը անհամատեղելի է Ֆրանսայի կողմէ Ուքրաինայի ցուցաբերուող աջակցութեան հետ՝ պատճառաբանելով, որ ան (Ռուբէն Վարդանեանը) կը գտնուի ուքրանական «սեւ ցանկ»-ին մէջ, Ուքրաինայի դէմ պատերազմի գանձատրման մասնակցութեան մեղադրանքով։
Դիւանագէտը կոչ ըրած է քաղաքապետարանին վերանայելու որոշումը եւ անյապաղ դադրեցնելու ցուցահանդէսը։
