Փութին-Փաշինեան հանդիպումը Պիշքէքի մէջ

Փաթ-Փութին

ԵՄ-ին անդամակցութեան եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգը

Նիկոլ Փաշինեանի վերընտրութենէն ետք՝ առաջին անգամ ըլլալով Պիշքէքի մէջ կայացաւ անոր հանդիպումը Վլատիմիր Փութինի հետ՝ հայ-ռուսական լարուած յարաբերութիւններու ենթախորքին վրայ։ 

Ռուսաստանի նախագահը հանդիպման ընթացքին ընդգծած է, որ դէպի Եւրոպական Միութիւն (ԵՄ) ձգտիլը Հայաստանի օրինական իրաւունքն է, սակայն այս քայլը անհամատեղելի է ԵԱՏՄ-ի մէջ մնալուն հետ։ Ըստ անոր՝ ԵՄ-ի անդամակցութեան գործընթաց սկսելու մասին Հայաստանի օրէնքի ընդունումը փաստացի կը նշանակէ հրաժարիլ գործող կազմակերպութենէն։ Այս ծիրէն ներս Փութին կրկին անգամ առաջարկած է ԵՄ-ի անդամակցութեան հարցով հանրաքուէ կազմակերպել՝ վերջնական ընտրութիւնը ձգելով ժողովուրդին։ Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Ռուսաստան կը մնայ Հայաստանի գլխաւոր տնտեսական գործընկերը, որուն հետ առեւտրական շրջանառութիւնը տարեսկիզբէն հասած է 2,5 միլիառ տոլարի։ Միեւնոյն ժամանակ, Մոսկուան դժգոհութիւն յայտնած է Ռոբերտ Քոչարեանի եւ այլոց կալանաւորման կապակցութեամբ։

Ի պատասխան այս յայտարարութիւններուն՝ վարչապետ Փաշինեան յստակացուցած է, որ Հայաստան ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու որեւէ ծանուցում չէ ներկայացուցած, իսկ կառոյցէն պետութիւն մը վտարելու իրաւական գործիքակազմ գոյութիւն չունի։ Ան շեշտած է, որ ԵՄ-ի օրէնքի ընդունումով Երեւան չէ խախտած ԵԱՏՄ-ի հանդէպ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։ Անդրադառնալով հանրաքուէի պահանջին եւ յստակ կողմնորոշում յայտնելու պահանջով պայմանաժամերուն՝ Փաշինեան զանոնք անընդունելի նկատած է՝ ընդգծելով, որ նման որոշումները Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքն են, եւ հանրաքուէ կազմակերպել-չկազմակերպելու որոշումը բացառապէս Երեւանին կը պատկանի։ Վարչապետը բացատրած է նաեւ, որ Հայաստանի Խորհրդարանը ԵՄ-ի օրէնքը ընդունած է ճիշդ ալ այդ նպատակով՝ հանրաքուէէն խուսափելու համար, քանի որ հարցը տակաւին լիովին չէ հասունցած։

Հակասութիւններով հանդերձ, Փաշինեան Պիշքէքի հանդիպումը «շատ լաւ» որակած է՝ մատնանշելով նոր պայմաններուն մէջ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները վերաձեւակերպելու անհրաժեշտութիւնը։ Ըստ անոր՝ այս գործընթացը կրնայ երկկողմ կապերը դարձնել աւելի փոխշահաւէտ, կառուցողական եւ ջերմ։ Կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել այս անկեղծ խօսակցութիւնը Փաշինեանի՝ Մոսկուա կատարելիք յառաջիկայ այցին ընթացքին։