«Meta». Քրեմլինի առնչակից ցանցը գաղտնի արշաւ մղած է՝ Սամուէլ Կարապետեանին եւ «Ուժեղ Հայաստան»-ին աջակցելու նպատակով
Screenshot
Meta ընկերութիւնը հրապարակած է ընկերային ցանցերու իր հարթակներուն վրայ (Facebook, Instagram) համակարգուած վնասակար գործողութիւններու սպառնալիքներուն վերաբերեալ 2026-ի երկրորդ կիսամեայի իր զեկոյցը, ուր անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Ռուսաստանի պետական կառոյցներուն առնչակից «ANO Dialog» ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւնը մեծ դեր ստանձնած է արտասահմանեան, ներառեալ՝ հայալեզու լսարանները թիրախաւորող գաղտնի ազդեցութեան գործողութիւններուն մէջ։
Նշենք, որ 2019-ին Մոսկուայի քաղաքապետարանին կողմէ հիմնադրուած այս կազմակերպութիւնը ԱՄՆ-ու Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ նախապէս կապուած է «Doppelganger» մեթոտով արշաւներուն հետ, որոնք մղուած են Ռուսաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Սերկէյ Քիրիէնքոյի ենթակայութեան տակ գործող «Ընկերային ձեւաւորման գործակալութեան» (Social Design Agency, SDA) հետ միատեղ։
Յիշեցնենք, որ նախընտրական շրջանին «Փաստերու ստուգման հարթակ»-ի տրամադրութեան տակ յայտնուած էին «արտահոսած» փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայէին վերոյիշեալ գործակալութեան կողմէ Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան դէմ իրականացուող բազմաթիւ ապատեղեկատուական ու պառակտիչ արշաւներուն եւ գրգռութիւններուն մասին։
«ANO Dialog»-ի արշաւը՝ ի նպաստ Սամուէլ Կարապետեանի եւ «Ուժեղ Հայաստան»-ի
Meta-ն ներկայացուցած է «ANO Dialog»-ին վերագրուած երկու գաղտնի գործողութիւններ։ Կը նշուի, որ անոնցմէ մէկուն ծիրէն ներս ստեղծուած են ընկերութեան (Meta-ի) քաղաքականութեան ու կանոններուն հակասող բազմաթիւ հաշիւներ, որոնք համակարգուած կերպով թիրախաւորած են 2026 Յունիսին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները։
Ըստ այդմ, Meta-ն փակած է Facebook-ի 25 հաշիւ եւ 13 էջ, ինչպէս նաեւ Instagram-ի 13 հաշիւ։ Կը նշուի, որ մօտ 9600 հաշիւ հետեւած է այդ էջերէն առնուազն մէկուն, իսկ մօտ 10.400 հաշիւ՝ Instagram-ի այդ հաշիւներէն առնուազն մէկուն։
«Ցանցը թիրախաւորած է 2026 Յունիսին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ փորձելով ծաւալել աջակցութիւնը “Ուժեղ Հայաստան” կուսակցութեան եւ ռուսահայ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ»,– կ՚ըսուի զեկոյցին մէջ։ Յիշեցնենք, որ 2025-ի ամռան FIP.am-ը բացայայտած էր ընկերային ցանցերու վրայ Սամուէլ Կարապետեանին աջակցող տասնեակներով կեղծ օգտահաշիւներ:
Զեկոյցին մէջ կ՚արձանագրուի նաեւ, որ ցանցը Հայաստանի մէջ իր գործունէութիւնը ուղղակիօրէն յառաջ մղելէ զատ, թիրախաւորած է նաեւ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ու մէջ բնակող հայկական սփիւռքը։
Իր բովանդակութիւնը տարածելու համար արշաւը ունեցած է բազմահարթակ ներկայութիւն՝ գործելով թէ՛ Meta-ի հարթակներուն վրայ, թէ՛ ալ TikTok-ի եւ YouTube-ի մէջ։ Բացի ասկէ, ցանցը օգտատէրերը յղած է դէպի իրական լրասփիւռներու հրապարակումներ, ինչպէս նաեւ ստեղծած է տեղական լրասփիւռներու անուններ ու ապրանքանիշեր (օրինակ՝ «Ar Media»)՝ իր բովանդակութիւնը տարածելու նպատակով։
Ըստ զեկոյցին, «ANO Dialog»-ը ստեղծած ու տարածած է Հայաստանը թիրախաւորող, արհեստական բանականութեամբ (ԱԲ) արտադրուած բազմաթիւ տեսանիւթեր։
«ԹԷեւ արհեստական բանականութեամբ (AI) պատրաստուած տեսանիւթերը տակաւին կատարեալ չեն ու մասնագէտները կրնան բացայայտել զանոնք, այսուհանդերձ, կեղծարարները մեծ օգուտ կը քաղեն այս նոր արհեստագիտութենէն եւ լայնօրէն կը գործածեն զայն»,– կ՚ըսուի զեկոյցին մէջ։
Այսպէսով, Meta-ի բացայայտումը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն միջամտելու փորձերը չեն սահմանափակուած առանձին կեղծ հաշիւներով կամ մէկ ընկերային հարթակով։ Սամուէլ Կարապետեանին եւ «Ուժեղ Հայաստան»-ին աջակցող բովանդակութեան համար գործած է ռուսական պետական կառոյցներուն կապուած բազմահարթակ եւ համակարգուած ցանց մը, որ թիրախաւորած է հայաստանեան եւ սփիւռքահայ լսարանները։
«Փաստերու ստուգման հարթակ»-ը վերոյիշեալ գործողութիւններուն մասին արդէն կատարած էր բազմաթիւ հրապարակումներ նախընտրական շրջանին՝ ցոյց տալով Հայաստանի դէմ մղուող արշաւներուն կապը Քրեմլինին առնչակից կազմակերպութիւններու հետ:
Աղբիւր՝ FIP (Fact Investigation Platform / Փաստերու ստուգման հարթակ)
