Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30-ի երեկոյեան, Մարսիլիոյ Վելոտրոմ մարզադաշտին վրայ տեղի կ՚ունենար Մարսիլիոյ Օլեմփիք եւ Պոլսոյ Կալաթասարայ ակումբներու հանդիպումը, ի հաշիւ «Եւրոպա լիկա»-յի Ե. խումբի զտման մրցումներուն։
Խաղին 38-րդ վայրկեանին իրաւարարը յանկարծ դադրեցուց խաղը, որովհետեւ լուրջ միջադէպեր սկսած էին երկու կողմերու համակիրներու շարքերուն միջեւ, եւ որոնց հետեւանքները կը ցոլանային նաեւ մարզադաշտին վրայ, քանի որ Թուրքերը սկսած էին դէպի Մարսիլիոյ համակիրներուն կողմը արձակել հրավառող իրեր, որոնցմէ քանի մը հատն ալ դաշտին վրայ կ՚իյնային, վտանգելով խաղացողներուն ապահովութիւնը։ Մարսիլիացիներն ալ հակադարձեցին ու մթնոլորտը հետզհետէ լարուեցաւ, այն աստիճան որ՝ ապահովութեան յատուկ ուժեր (CRS) ստիպուեցան միջամտել, անդորրը վերահաստատելու համար։ Շուրջ տասը վայրկեան տեւած այս իրարանցումէն ետք մրցումը շարունակուեցաւ ու 0-0 արդիւնքով ալ վերջ գտաւ։
Դժբախտաբար, մեր օրերուն, այնքան ալ բացառիկ կամ անբնական երեւոյթ չէ ասիկա մարզադաշտերէ ներս, ու արդարօրէն ընթերցողը հարց պիտի տայ, թէ ինչո՞ւ կ՚անդրադառնանք լուրին։
Բայց հետաքրքրականը այն է, որ Թուրքերը, առնուազն թուրք մամուլը, այս ամբողջին պատասխանատւութիւնն ալ կը բարդեն Հայոց գլխուն։
Արդարեւ, յաջորդ օր, Հոկտեմբեր 1-ին ազգայնական ensonhaber.com առցանց թերթը, օրինակ, կը գրէր որ այս միջադէպերուն պատասխանատուներն են մարսիլիացի համակիրներ, որոնք հայկական Եռագոյնը պարզեցին, գրգռելով թուրք համակիրները, որուն ալ հետեւեցան վերոնշեալ անբաղձալի զարգացումները։
Նկար մըն ալ կցուած է լուրին, որ խորագրուած է՝ «Կարելի չէր լաւագոյն պատասխան մը՝ հայկական դրօշը պարզող Ֆրանսացիներուն»։ Այդ «լաւագոյն պատասխան»-ն է թուրք համակիրներու կողմէ ազէրպայճանական դրօշին պարզումը։
Թրքական այս պնդումներուն մէջ կայ հակասական բան մը։ Հայկական ամէն ինչի նկատմամբ Թուրքերու անհանդուրժողութիւնը արդէն աւելի քան ծանօթ փաստ է։ Բայց, եթէ հայկական եռագոյնին հոն ներկայութիւնն էր հարցը, հապա ի՞նչ գործ ունէր ազէրպայճանական դրօշը եւս։ Ըստ երեւոյթին կայ այլ բան մը, զոր կ՚անգիտանայինք՝ յայտնապէս, Թուրքերը իրենց վրայ, անհրաժեշտ իրերու շարքին ա՛նպայման կը կրեն նաեւ ազէրպայճանական դրօշ մը, ի պահանջել հարկին, կամ պարզապէս հայկական եռագոյնին հանդիպելու պարագային՝ զայն պարզելու համար…