Search
Close this search box.

Ալիեւ.– «Փաշինեանի հետ Դեկտեմբեր 7-ին նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ»

Պաքուի մէջ ունեցած իր ելոյթին՝ Ազերպայճանի նախագահը յայտարարած է, թէ Հայաստանի վարչապետին հետ Դեկտեմբեր 7-ին Պրիւսէլի մէջ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ։

“Պրիւսէլի հանդիպումը պէտք է կայանար Դեկտեմբեր 7-ին։ Բայց Հիքմեթ Հաճիեւ առջի օր տեղեկացուց, որ իր հետ կապ հաստատած են Շառլ Միշէլի գրասենեակէն ու յայտնած, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համաձայն է հանդիպելու մի՛այն Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի մասնակցութեամբ։ Այդ կը նշանակէ, որ հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ”,– ըսած է Ալիեւ ու պնդած, թէ նման քայլերով Հայաստան կը փորձէ բանակցային գործընթացը անվերջանալի դարձնել, ըսել է, որ խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի չստորագրուի, եւ թէ խաղաղութիւն պիտի չըլլայ: “Բայց այդ  Հայաստանի ընտրութիւնն է”,– յայտարարած է Ազերպայճանի ղեկավարը՝ Փաշինեանի առաջադրած պայմանը որակելով խաղաղ գործընթացի տապալման փորձ:

Երեւան կը հերքէ Ալիեւի պնդումները

Երեւան պաշտօնապէս հերքած է Ալիեւի պնդումները, նշելով թէ ըսուածները իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեան «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին յայտարարած է, թէ Հայաստան պատրաստ է Դեկտեմբեր 7-ի հանդիպումին՝ ըստ Փրակայի մէջ գոյացած համաձայնութեան եւ ձեւաչափին։