«Թուրան» գործակալութեան համաձայն՝ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով Նոյեմբեր 24-ին Պաքուի մէջ յայտարարած է, թէ «Հայաստան Լաչինի միջանցքը կ՚օգտագործէ Ղարաբաղ զինամթերք ուղարկելու նպատակով, եւ այդ կը հակասէ նախապէս գոյացած համաձայնութիւններուն»։
“Միջանցքի ոչ-նպատակային օգտագործման պէտք է վերջ տրուի։ Ազերպայճան այդ ուղղութեամբ համապատասխան քայլերու պիտի դիմէ”,– պնդած է Պայրամով՝, նշելով որ՝ 2021-ին Ղարաբաղի մէջ «զետեղուած ականները» հոն կը հասնին Լաչինի միջանցքով։
“Հայաստան կը խախտէ եռակողմ յայտարարութեան հիմնական սկզբունքները եւ չի կատարեր Ազերպայճանի տարածքէն հայկական բոլոր զինուած կազմաւորումները ետ քաշելու իր ստանձնած պարտաւորութիւնը”,– յայտարարած է ան։
Մարուքեան անդրադարձած է Լաչինի միջանցքով ականներ փոխադրելու մասին ազերպայճանական կեղծ լուրերուն
Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էդմոն Մարուքեան սուտ որակած է ազերպայճանական վերոնշեալ պնդումները, թէ Հայաստան կ՚օգտագործէ Լաչինի միջանցքը՝ ականներ փոխադրելու համար։ Այս կապակցութեամբ ան թուիթըրեան իր հաշիւին հետեւեալ գրառումը կատարած է.
«Ադրբեջանը պնդում է, որ Հայաստանն օգտագործել է Լաչինի միջանցքը՝ իրենց տարածք ականներ տեղափոխելու համար։ Սա բացարձակ սուտ է։ Ադրբեջանը Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներից վերցրել է ցամաքային ականներ, տեղափոխել Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ադրբեջանի կողմից վերահսկուող տարածք՝ ցոյց տալու միջազգային գործընկերներին, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցքը վիճարկելու կեղծ հիմքեր ստեղծելու համար»։