Հարցազրոյց՝ «Civilnet»-ի տնօրէն Աբօ Պողիկեանի հետ
Screenshot
Ներկայիս CivilNet-ի տնօրէն Աբօ Պողիկեան մամլոյ ասպարէզին մէջ երկար ճանապարհ անցած անձնաւորութիւն է։ Ան վարած է «Ասպարէզ»-ի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը եւ մաս կազմած՝ «Երկիր մետիա»-ի հիմնադիր կազմին։ Եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ եւ քաջածանօթ է Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Ըլլալով «Դէպի երկիր» կարգախօսի հաւատացեալ՝ իբրեւ գործնական ապացոյց այժմ հաստատուած է Հայաստան։
Հարցազրոյցը ընթացաւ Հայաստանի լրատուական դաշտին, Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններուն, լրատւութեան մէջ արեւմտահայերէնի տեղին եւ այլ էական հարցերու շուրջ։
***
«Նոր Յառաջ» – Երկար ժամանակ կուսակցական լրատու միջոցի պատասխանատու եղած ես՝ «Ասպարէզ»-ի խմբագիր, ապա «Երկիր» օրաթերթի խմբագիր՝ Հայաստանի մէջ։ Ինչպէ՞ս եղաւ որ որոշեցիր լքել կուսակցական լրատու դաշտը եւ ըլլալ տնօրէնը անկախ լրատու միջոցի մը՝ «ՍիվիլՆեթ»-ի։
Աբօ Պողիկեան – Անցումը դժուար էր եւ, որոշ չափով, կամքէս անկախ։ «Ասպարէզ»-ի խմբագրութենէն ներս ինքզինքս իսկապէս հարազատ միջավայրի մէջ կը զգայի. քաղաքական ու գաղափարական առումով անիկա իմ տարերքս էր, քանի որ կը հաւատայի Դաշնակցութեան գաղափարներուն։ Սակայն վերջին շրջանին տարակարծութիւններ յառաջացան. կուսակցական թերթի մէջ ըլլալով հանդերձ՝ կը փորձէի իրավիճակին առարկայական գնահատական տալ եւ սխալները սրբագրելու նոր, աւելի ազգային ուղիներ փնտռել՝ յատկապէս պետականութեան հանդէպ ճիշդ կողմնորոշում ունենալու հարցին մէջ։ Այս մօտեցումը դժուարութիւններ ստեղծեց. կ՚երեւի թէ այլեւս յարմար անձը չէի այդ գործին համար, ուստի զիս, այսպէս ըսած, հեռացուցին։ Զարմանալիօրէն թերթէն չհեռացուցին, հեռացուցին կուսակցութենէն: Որոշ ատեն մը «Ասպարէզ»-ին խմբագիրն էի, բայց կուսակցական չէի, ատիկա շատ ընդունելի վիճակ մը չէր:
Բարեբախտաբար այդ ընթացքին «CivilNet»-ի տնօրէնի առաջարկութիւն ստացայ, ստանձնեցի այդ պարտականութիւնը քիչ մը տատամսումով, որովհետեւ ես տպագիր մամուլի մէջ աշխատած էի, multimedia-ի մէջ փորձառութիւն չունէի: Հեռաձայնային հարցազրոյցի ժամանակ ալ ըսի «CivilNet»-ի աշխատակիցին, որ շատ չեմ հասկնար այս գործէն, բայց կան դատողութիւնս, լրագրական փորձառութիւնս. ձեւով մը կը փորձեմ: Այդ ուղղութեամբ «CivilNet»-ը ինծի հետաքրքրական ասպարէզ բացաւ եւ ես չեմ կրնար բաւարար շնորհակալութիւն յայտնել ղեկավարութեան, որ վստահեցաւ ինծի այդ գործը, նաեւ աշխատողներուն եւ խմբագրական կազմին, որոնք հսկայական փորձառութիւն ունին, որոնց հետ համերաշխօրէն կ՚աշխատինք:
«ՆՅ» – «CivilNet»-ը իւրայատուկ տեղ ունի հայաստանեան լրատու դաշտին մէջ, այն իմաստով որ անոր հիմնադրութիւնը Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան արդիւնք է։ Արդեօք տնօրէնին սփիւռքահայ ըլլալուն հանգամա՞նքը կը պահպանէ այդ հաւասարակշռութիւնը։
Ա. Պ. – Գրեթէ օրէն սփիւռքահայ եղած են տնօրէնները: Սալբի Ղազարեանը հիմնադիրներէն էր եւ մինչեւ հիմա ձեւով մը կը հոգայ, կը հետեւի, կ՚օգնէ, կը տագնապի «CivilNet»-ի հարցերով, բայց լրիւ ազատ ձգելով եւ յարգելով լրատւութեան անկախութիւնը: Ձեւով մը Սփիւռքի հանդէպ զգայնութիւն մը կայ՝ շնորհիւ սփիւռքահայ տնօրէններուն, այդ զգայնութիւնը կարծիքովս հարստութիւն կը բերէ, բայց ուզածիս չափ չէ հաւանաբար. կ՚ուզէի թէ՛ արեւմտահայերէն բաժին, թէ՛ սփիւռքեան լրատւութեան բաժին, քննարկումի բաժին ունենալ, թէեւ որոշ հարցերու մէջ նախաձեռնութիւններ ըրած ենք, ըստ մեր հնարաւորութեան, որ շատ սահմանափակ է:
«ՆՅ» – Իսկ անկախութեան առումով, «CivilNet»-ը Հայաստանի բեւեռացած երկու լրատու դաշտին մէջ ո՞ւր կը տեղաւորուի, որքանո՞վ ֆինանսաւորումը իր անկախութեան երաշխիքն է։
Ա. Պ. – «CivilNet»-ը մի քանի լրատուական գործակալութիւններու կողքին, կը յաւակնի ըլլալ անկախ, այդ բեւեռացումէն հեռաւորութիւն պահելով: Անկախութիւնը սահմանելու ամենալաւ ձեւը այն է, որ թէ՛ իշխանութիւն, թէ՛ ընդդիմութիւն քեզ կը դիտեն որպէս իրենց հակադրուած, չեն ընդունիր քեզ: Չափազանց դժուար է, յատկապէս Հայաստանի մէջ եւ մանաւանդ Արցախի կորուստէն ետք։ Թէ՛ ինծի եւ թէ՛ խմբագրական կազմին համար հիմնական որոշ արժէքներու եւ խորհրդանիշերու հանդէպ մեր ունեցած մօտեցումը յաճախ կը դժուարացնէ անաչառութիւն պահպանել իշխանութիւններու քայլերուն նկատմամբ, կամ հաւասարակշռել ընդդիմութեան անկարողութիւնը։ Այս համատարած ընդվզումին մէջ ճիշդ ուղի գտնելը միշտ ալ բարդ եղած է։
Ինչ կը վերաբերի ֆինանսականին՝ այդ ալ իմ կեանքի դժբախտութիւնն է կ՚երեւի: Միշտ այդ ծանր բեռը կայ բոլոր խմբագիրներուն ուսերուն: «Ասպարէզ»-էն երբ «CivilNet» եկայ, հոս ալ նոյնն էր պարագան. պէտք էր ֆինանսական հարցերու լուծման համար միջոցներ գտնէի: «Ասպարէզ»-ի մէջ աւելի դժուար էր, որովհետեւ նուիրատուները հոն էին, եւ միշտ կրնային զգայնութիւններ ըլլալ։ Հոս անոնք հեռու են. թէեւ նորէն կրնան զգայնութիւններ ծագիլ, բայց ընդհանրապէս չեն միջամտեր: Մնացեալ գումարները կը գոյանան դրամաշնորհներէ: Ամերիկայի USAID-ի խնդիրէն ետք (Խմբ.- Թրամփի՝ իշխանութեան գալէն ետք՝ Միացեալ Նահանգներու պետական նպաստներու կրճատումը) բաւական լուրջ հարցեր ունեցանք, բայց բարեբախտաբար եւրոպական երկիրները՝ Եւրոպական Միութիւնը եւ այլն, կրցան որոշ չափով հատուցել այդ բացը: Զուգահեռաբար, մեր սթիւտիոյին բաժինով կ՚ընդունինք արտաքին պատուէրներ եւ ծառայութիւններ կը մատուցենք։ Այս երեքով կը փորձենք գոյատեւել. գրեթէ ամէն ամիս պակասը գոցելու խնդիր ունինք, մշտական է այդ հարցը:
«ՆՅ» – Արեւմտահայերէնի հանդէպ որոշ զգայնութիւն մը ունիս։ Ներկայիս սկսար «Ճակատաբաց» հաղորդումներու շարքը։ Այս մէկը քու անձնակա՞ն նախաձեռնութիւնն է, կա՞յ զօրակցութիւն նուիրատուներուն կողմէ։
Ա. Պ. – Մենք միշտ ունեցած ենք արեւմտահայերէնի բաժին, ինչպէս «Զարկերակ»-ը, ես ալ ունէի բաժին մը, իսկ «Ճակատաբաց»-ի պարագային Պետօ Տեմիրճեանն ու Ռուբէն Ճամպազեանը իրենք դիմեցին, նախաձեռնեցին, ես ալ պատրաստ էի հարթակ տրամադրելու իրենց, որովհետեւ կ՚ուզէի արեւմտահայերէնի բաժին ունենալ: Իրենք գրեթէ կամաւոր են, չնչին պատուագին մը կը վճարենք միայն, մնացածը իրենք կ՚ընեն, ազատ են իրենց որոշումներուն մէջ: Նպատակս է միշտ ունենալ արեւմտահայերէնի բաժին, որքան ալ նոյնքան տարածում, դիտող չունենայ, եւ ատիկա կրնայ վնաս հասցնել «CivilNet»-ին, որովհետեւ ընկերային ցանցերու մէջ դիտելիութեան մակարդակը պահպանելը անհրաժեշտ է, ինչ որ արեւմտահայերէնով մեր նիւթերը չեն ապահովեր, բայց հակառակ այս ամէնուն՝ կը շարունակենք, յուսալով որ իրենց ջանքերով կը հասնին աւելի լայն շրջանակի մը:
«ՆՅ» – Ուրախալի երեւոյթ է՝ ինչպէս «Ճակատաբաց»-ը, նոյնպէս ալ «Հեռադիտակ»-ը Երեւանէն սփռուող՝ արեւմտահայերէն, մասնագիտացած երկու մաքուր հաղորդաշարեր են։ Կարեւոր է ունենալ փոտքասթներու եւ հարցազրոյցներու միայն արեւմտահայերէնով շարք մը։
Ա. Պ. – Շնորհաւորելի է նաեւ «Յառաջ» արեւմտահայերէն կեդրոնի ստեղծումը, յուսամ աւելի կը մեծնայ, աւելի կ՚ընդարձակէ իր ծրագրերը, աւելի հնարաւորութիւններ կ՚ունենայ դառնալով իրապէս հանդիպման վայր մը արեւմտահայ-արեւելահայ մտաւորական շրջանակի մէջ շփում ստեղծելու: Ահաւոր գործ կայ ընելիք: Որքան ալ ըլլայ, այս ամէնը անբաւարար է, ազդեցութիւնը շօշափելի դարձնելու չափ չէ դժբախտաբար, բայց պէտք է հասնիլ անոր:
«ՆՅ» – Սփիւռքահայ ես, Հայաստան հաստատուած ես։ Ինչպէ՞ս կը տեսնես հիմա Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները։
Ա. Պ. – Ո՛չ բաւարար, Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները լրիւ բախտի ձգուած են, երբեմն աւելի շատ խնդիրներ ստեղծող են, քան հարցեր լուծող: Թերեւս մօտեցումս քիչ մը վիպապաշտ է, բայց կը կարծեմ որ պետութիւնը պէտք է միշտ Սփիւռքի հանդէպ հոգատար ըլլայ, անոր հանդէպ վերաբերումը պէտք չէ կուսակցականացուի, որովհետեւ չեն գնահատուած Սփիւռքի հնարաւորութիւնները, որոնք անսահման են:
«ՆՅ» – Եթէ բնագաւառներով առնենք, օրինակ՝ զբօսաշրջութիւն, ներդրումներ տնտեսութեան կարգ մը բնագաւառներուն մէջ … ո՞ր բնագաւառները պէտք է իսկապէս զարգանան, հեռանկարային են։
Ա. Պ. – Զբօսաշրջութեան հարցով՝ բնական, տարերային հետաքրքրութիւն մը կայ, բայց Սփիւռքը կրնայ նաեւ իր գիտական կարողութիւններով ճամբաներ բանալ, կրնայ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու հնարաւորութիւնները դէպի Հայաստան ուղղորդել: Այս ուղղութիւնը պէտք է աւելի շատ կազմակերպուի, պէտք է տեղեկութիւնները հաւաքուին, իրենց հետ կապ հաստատելու ճամբան գտնուի, հետաքրքրութիւն արթնցնելու ուղիներ որոնուին:
«ՆՅ» – Ո՞վ է որ գործը չ’ըներ, դեսպանութիւննե՞րը, եկեղեցի՞ն, կուսակցութիւննե՞րը, կազմակերպութիւննե՞րը, անհատնե՞րը…։
Ա. Պ. – Բոլո՛րը հաւանաբար, եկեղեցին իր խնդիրներով, կուսակցութիւնները իրենց մօտեցումներով, դեսպանները իրենց սահմանափակումներով, որովհետեւ շատ քիչ դեսպաններ կան, որոնք շրջանի մը մէջ կրնան լրիւ անկախ շարժիլ, բոլոր շրջանակներու հետ յարաբերութիւն ստեղծել: Այս հարցը կը կարօտի բոլորէն ձերբազատուած մօտեցումի մը: Պետութեան դիմաց դրուած մարտահրաւէրները այնքան հսկայական են, որ եթէ մենք ուզենք հոս շրջանային ազդեցութիւն, անկախութիւն, ինքնիշխանութիւն, հնարաւորութիւններ ունենալ, պէտք է այս ամբողջը ապահոված ըլլանք, կախեալ պէտք չէ ըլլանք տնտեսական որեւէ սահմանափակումէ, պատժամիջոցներէ: Այս՝ բոլորէն անկախ հնարաւորութիւնը ստեղծելու պարտաւորութիւնը ունինք եւ ասիկա պէտք է ընենք ինքնավստահ ծրագրումով, լայն բանալով մեր թեւերը:
«ՆՅ» – Բայց արդէն կարգ մը բնագաւառներու մէջ կը տեսնենք, որ սփիւռքահայերու ներդրումը Հայաստանի մէջ կարեւոր ներկայութիւն է, ինչպէս ԹՈՒՄՕ-ն, COAF-ը… NVIDIA-ն։
Ա. Պ. – Ասոնք բոլորը ապացոյցներ են, որ որքա՛ն կարելի է ընել: Այս եղածը՝ լա՛ւը փաստ է, որ դեռ ինչե՛ր կրնանք ընել: Չպեղուած հնարաւորութիւններ կան աշխարհի չորս կողմը:
«ՆՅ» – Քիչ մըն ալ մեղքը սփիւռքահայերունը չէ՞, որ իրենք կազմակերպուած չեն։
Ա. Պ. – Այնքան ատեն որ պետութիւն ունինք, ես այլեւս ինքզինքս ազատ կը զգամ կեդրոնացնելու իմ մեղադրանքը կամ իմ ակնկալութիւնը պետութեան վրայ: Իմ մօտեցումս այն է, որ պետութիւնը պէտք է կարենայ ամբողջ ազգի խնդիրներուն տիրութիւն ընել, որպէսզի անոր հնարաւորութիւնները օգտագործելով աւելի հզօրացնէ ինքզինք: Այդ իմաստով Սփիւռքը ես կը նկատեմ երեխայ մը, որ կրնայ սխալ ուղղութեամբ երթալ, նախապաշարումներ, խնդիրներ ունենալ, բայց պետութիւնը մեր կազմակերպուածութեան բարձրագոյն աստիճանն է, չէ՞:
«ՆՅ» – Այնպիսի զգայուն նիւթի մը կ՚անդրադառնաս… Օրինակի համար եկեղեցին 1700 տարուան պատմութիւն ունի եւ պատմականօրէն ազգային է, աւելի քան պետութիւնը, որ իբր անկախ պետութիւն 1920-էն ի վեր հիմնուած է, կը նշանակէ որ իր տարողութիւնը, աշխարհաքաղաքական ճնշումներու ենթակայութիւնը եւ միջազգային գետնի վրայ իր ունեցած ներկայութիւնը շատ սահմանափակ են, քան եկեղեցին, որ շատ աւելի ներթափանցած է թէ՛ Հայաստանի մէջ, եւ թէ՛ տարբեր համայնքներու մէջ։ Ուրեմն Սփիւռքի կազմակերպուածութիւնը կրնար օգտակար ըլլալ, որ պետութիւնը կայանայ։
Ա. Պ. – Համաձայն եմ: Այո՛, Սփիւռքի կազմակերպուածութիւնը միշտ թերի, միշտ ոչ-նախանձելի եղած է տարբեր պատճառներով. նոյնիսկ եկեղեցին, մեծ կազմակերպութիւններ յարատեւ նահանջի մէջ ապրած են եւ չեն կրցած նոր մարտահրաւէրները պատշաճօրէն դիմագրաւել…: Ժամանակին պետութիւնը այդ հնարաւորութիւնները չունէր, հիմա, կարծիքովս, այդ ուղղութեամբ կրնայ աւելի շատ ներդրում կատարել տարբեր բնագաւառներու մէջ, օրինակ համալսարաններու մէջ Սփիւռքի բաժիններ ստեղծել. եթէ մեր Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ բաժիններ ըլլան, միջնախարարական տեսչութիւններ, որոնք զբաղին Սփիւռքի հնարաւորութիւններու ուսումնասիրմամբ: Կը կարծեմ հիմա հնարաւորութիւն կայ նման քայլի ձեռնարկելու, եթէ մօտեցումը ըլլայ, եթէ պատկերացումը, ծրագիրը ըլլայ: Յուսամ օր մը ըլլայ, որովհետեւ կենսական անհրաժեշտութիւն մըն է: Այդպէսով, պետութիւնը պիտի ունենայ ամենավստահելի դաշնակից մը, որ շահագրգռուածութիւն չունի որեւէ բանի մէջ, այլ պարզապէս կ՚աշխատի ամբողջականօրէն Հայաստանի պետութիւնը ուժեղացնելու համար:
«ՆՅ» – Հայաստանի պետութիւնը մինչեւ 2020 ուրիշ գաղափարական միջավայրի մէջ կը զարգանար, ետքը բոլորովին փոխուեցաւ, ինչպէս նշեցիր, Հայաստանի տնտեսական միջոցները հիմա աւելի են, բայց նաեւ այն մտավախութիւնը կայ որ, Սփիւռք ըսելով նաեւ կը նշանակէ արտաքին պետութիւններու ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ։ Այդ անվտանգութեան երաշխիքները որքանո՞վ առկայ են, որովհետեւ կը տեսնենք ռուսահայ Սփիւռքի ազդեցութիւնը Հայաստանի ներքին գործերուն վրայ։ Ուրեմն այս երկդիմի խնդիրն ալ կայ, որ Սփիւռքը որքան ներգրաւես, այնքան ալ Հայաստանը պէտք է ինքնիշխան ըլլայ եւ անվտանգութեան հիմքերը զօրաւոր ըլլան…
Ա. Պ. – Այո՛, պետութեան անվտանգութեան ծառայութիւնները, հետախուզական, հակահետախուզական կառոյցները պէտք է իրենք զիրենք պաշտպանեն, բայց որովհետեւ հայ ժողովուրդը սփռուած է աշխարհով մէկ, այս ազդեցութիւնները զիրար չէզոքացնող հանգամանք մըն ալ ունին, այսինքն որքան որ ռուսական ազդեցութիւնը կայ, նոյնքան ալ կայ արեւմտեանը: Բնական հաւասարակշռութիւնը կ՚ըլլայ, պայմանով որ պետութիւնը իր շահերը, իր ապահովութիւնը պաշտպանէ: Սահմանափակ է Հայաստանը, բայց իրեն հանդէպ միշտ հետաքրքրութիւն կայ, մէկը միւսը կը լրացնէ, ահա թէ ինչո՛ւ տնտեսական գետնի վրայ Երեւանի բնակարաններու գիները անտրամաբանօրէն բարձր կը մնան:
«ՆՅ» – Եթէ մեր 20-30 տարիներու փորձառութիւնը նկատի ունենանք, օրինակի համար Միջին Արեւելքը, որ տագնապալի քաղաքական շրջաններէ անցաւ եւ շատեր Հայաստան եկան կայք հաստատելու, մէկ մասը համակերպեցաւ, բայց միւս մասը՝ ոչ, եւ վերստին արտագաղթեց, կամ Հայաստանի ժողովուրդին արտագաղթը եթէ նկատի ունենանք, կը տեսնենք որ պետութիւնը նաեւ կառուցման ընթացքի մէջ է եւ տակաւին այդ կարողութիւնը չունի եւ այդ պայմանները չէ ստեղծած նախ եւ առաջ իր ժողովուրդը տեղւոյն վրայ պահելու, ապա նորեկները պահելու։ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները ցանկութիւններէ անդին առարկայական խնդիրներ ունին, որոնց դիմագրաւելն է հարցը, խաղաղութեան հիմքը հաստատելը նաեւ, որպէսզի ժողովուրդը ինքնավստահ դառնայ եւ գիտնայ, որ նորէն ձախող պատերազմի մը զոհ պիտի չերթայ։ Այս ամբողջը հարցեր են։ Մենք, եթէ նկատի ունենանք այն սփիւռքահայ համայնքը, որ հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն եկեր եւ Հայաստան հաստատուեր է, անոր գոյութեան վիճակը, անոր հանդէպ վերաբերումը ինչպէ՞ս կը տեսնես։
Ա. Պ. – Ես կը նախընտրէի հնարաւորութիւն ըլլար, որ այդ համայնքները ինքնակազմակերպման որոշ փուլ մը ապրէին, կարենային ճանչնալ իրենց խնդիրները եւ պայքարէին անոնց համար: Այսօրուան դրութեամբ սուրիահայերը, լիբանանահայերը, իրաքահայերը Հայաստանի մէջ կազմակերպուած միաւորներ չունին, որ իշխանութեան հետ բանակցութեան մտնեն, սակարկութեան մտնեն իրենց խնդիրներուն համար, պահանջեն իրաւասութիւններ, կամ ստեղծուին հնարաւորութիւններ: Ատենին չնչին օգնութիւններ կ՚ըլլային հոս հաստատուիլ ուզող սփիւռքահայերուն, մինչ՝ նոր եկողները կը դիմանան եթէ դուրսը աշխատող եւ օգնող ազգականներ ունին, այլապէս կը գաղթեն: Կրնայ ըլլալ պատճառներէն մէկը կուսակցականացուած համայնքներ ըլլալու հանգամանքէն կու գայ: Հայաստան հաստատուող համայնքները չեն ունեցած իրենց շահերը պաշտպանող, իրենցմէ ծնած գործիչներ, ատիկա չէ օգնած որ սահուն ըլլայ անցումը, որ աւելի շատ մարդիկ մնան:
«ՆՅ» – Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք ներկայիս արցախահայութիւնը Հայաստանի մէջ ներգրաւելու մարտահրաւէրները…
Ա. Պ. – «CivilNet»-ը քիչ մը աւելի զգայուն է այս հարցով, որովհետեւ մենք գրասենեակ ունէինք Ստեփանակերտի մէջ, մեր գրասենեակի անձնակազմը ապրեցաւ ծանր օրեր, հիմա պարտադրաբար տեղահանուեցան, եկան Հայաստան, ներգրաւեցինք զանոնք մեր անձնակազմին մէջ, բայց ամէն օր կը նայիս իրենց աչքերուն եւ կը տեսնես ցաւը, կարօտը, վիշտը, յուսախաբութիւնը … շա՜տ դժուար է:
«ՆՅ» – Հաւանաբար, պէտք չէ յուսահատիլ եւ ժամանակի ընթացքին, քայլ առ քայլ խնդիրները հարթել, բայց կարեւոր է գիտակցիլ խորութեան՝ հարցերուն, որոնք հինէն, պատմութենէն կու գան եւ նոր իրավիճակի մէջ զանոնք լուծելու միջոցները գտնելը դիւրին չէ։ Երբեմն ընդվզումներու, ժխտումներու առիթ կու տան, բայց վերջապէս Հայաստանի կառավարութեան այսօրուան դիրքորոշումը որ խաղաղութեան ի նպաստ է, ինչպէ՞ս կը գնահատես։
Ա. Պ. – Այսօր խաղաղութիւնը օդի-ջուրի պէս անհրաժեշտ է Հայաստանին, որպէսզի իր վէրքերը բուժէ, ոտքի կանգնի: Ես անձնապէս կ՚ուզէի ասիկա ընել այնպիսի ձեւով, այնպիսի պայմաններով որ աւելի շատ հզօրացնէր մեզ ներքնապէս, աւելի նրբօրէն վերաբերէր հայուն ազգային արժէքներուն նկատմամբ, առանց այլ վէրքեր ստեղծելու, մեր ամենասուրբ խորհրդանիշերուն հանդէպ զգայնութիւնը պահելով: Դժուար կացութիւն է, բայց կ՚ուզէի որ կարելի ըլլար մեր ներքին ամրութիւնը ուժեղացնել, փոխանակ ներքին ամրութեան հաշուին ընելու որեւէ բան:
Հարցազրոյցը վարեց՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■
Հարցազրոյցին տեսանիւթը՝ ստորեւ.-
