Ֆրանսահայ լրագրող Լիանա Մարգարեան հաւատարմագրուած է Էլիզէեան պալատին կողմէ
Ֆրանսահայ լրագրող Լիանա Մարգարեան պաշտօնական հաւատարմագրում ստացած է Ֆրանսայի նախագահի նստավայրէն՝ Էլիզէեան պալատէն։
Այս հաւատարմագրումը անոր հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ներկայ գտնուելու Ֆրանսայի նախագահի մամլոյ ասուլիսներուն, լրագրողներու հետ կարճ զրոյցներուն, պաշտօնական ընդունելութիւններուն եւ արտասահմանեան այցելութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ ընդգրկուելու նախագահական մամլոյ կազմին մէջ։
Նշենք, որ Մարգարեան երկար տարիներէ ի վեր կը լուսաբանէ ֆրանսահայ համայնքին առնչուող, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ կապերը ամրապնդող իրադարձութիւնները։
