Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տունը՝ յիսուն տարեկան
Յիսուն տարիներ։ Կէս դար մը՝ յիշողութեան, նուիրումի, աշխատանքի եւ հաւատքի։ Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան յիսնամեակը պարզ տարեդարձ մը չէ. ան պատմութիւնն է՝ Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթը ապրեցնելու եւ փոխանցելու վճռակամութեան։
Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տունը ծնունդ առաւ այն տեսլականէն, որ մշակութային տուն մը կրնայ դառնալ համայնքի մը հոգեւոր ու մտաւոր կեդրոնը՝ տեղ մը, ուր հայ լեզուն, արուեստը, գրականութիւնը, պատմութիւնն ու աւանդութիւնները կը հանդիպին նոր սերունդներու հետաքրքրութիւններուն եւ ստեղծագործ ուժին։

Այս յիսուն տարիներուն ետին կանգնած են մարդիկ։ Հիմնադիրներ, նուիրեալներ, ուսուցիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, ծնողներ եւ երիտասարդներ, որոնք իրենց ժամանակը, ուժն ու հաւատքը ներդրած են այս օճախի կեանքին մէջ։ Անոնց տեսլականը այսօր կը շարունակէ ապրիլ իւրաքանչիւր գործունէութեան, իւրաքանչիւր հանդիպումի եւ, մանաւանդ, իւրաքանչիւր աշակերտի մէջ։
Հայ Մշակոյթի Տան այլազան գործունէութեանց աշակերտներուն մասնակցութիւնը այս տան կեանքը կ՛իմաստաւորէ՝ ընթացք տալով հայ մշակոյթը կրողներու ու ստեղծողներու նոր բաղանգի մը կը պատրաստութեան։ Ծնողներուն ներկայութիւնը եւ հետեւողական աջակցութիւնը ալ անփոխարինելի գրաւականներ են այս ամխատանքին հեզասահ ընթացքին համար. ընտանիքէն դէպի Մշակոյթի Տուն, եւ Մշակութային Տունէն դէպի համայնք երկարող շղթան է, որ ինքնութիւնը կը դարձնէ ապրուած իրականութիւն։
Արժէ նշել, որ մտաւորական ներկայութիւնը մշակութային տան մը շունչն է։ Գիրքը, խօսքը, քննարկումը, երաժշտութիւնը, թատրոնը եւ արուեստը այստեղ կը դառնան մտածելու եւ ստեղծելու միջոցներ։ Այսպիսի միջավայրի մէջ կը կազմուի մարդուժը՝ վաղուան ուսուցիչը, մշակութային գործիչը, մտաւորականը, կազմակերպիչը եւ համայնքի պատասխանատու անդամը։
Յիսուն տարիներու այս ճանապարհը նաեւ ապացոյցն է, որ Սփիւռքի մէջ հայկական կառոյց մը կրնայ իր ինքնութիւնը ամուր պահելով հանդերձ բացուիլ իր շրջապատին եւ տեղւոյն մշակութային բազմազան գոյներուն։ Այդ երկխօսութիւնն է, որ կը հարստացնէ մեր ներկայութիւնը եւ մշակոյթը կը դարձնէ կամուրջ՝ տարբեր համայնքներու եւ սերունդներու միջեւ։
Այսօր կը նայինք ետ՝ երախտագիտութեամբ, եւ կը նայինք առաջ՝ վստահութեամբ։ Երախտագիտութիւն՝ բոլոր անոնց, որոնք այս տունը կառուցեցին եւ պահեցին կենդանի։ Վստահութիւն՝ նոր սերունդին հանդէպ, որ պիտի շարունակէ զարգացնել այս ժառանգութիւնը նոր գաղափարներով, նոր եռանդով եւ նոր ստեղծագործութեամբ։
Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տունը յիսուն տարեկան է։
Յիսուն տարի՝ որպէս յիշողութիւն, որպէս ներկայութիւն եւ որպէս ապագայի խոստում։
Բարի երթ, Հայ Մշակոյթի Տուն։
Նոր յիսնամեակներու ճանապարհդ լուսաւոր ըլլայ։
