ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔԻ ԱՐՇԱՒ 2026-2027
17 տարի եւ նոր շունչ ստացող խմբագրակազմ
2026 Հոկտեմբեր 27-ին «Նոր Յառաջ» բոլորեց իր հիմնադրութեան 17-րդ տարին։ Տասնեօթը տարի անընդմէջ հրատարակութիւն։ Տասնեօթը տարի՝ Փարիզէն լոյս ընծայուող ազատ ու անկախ հայկական մամուլի ներկայութիւն՝ դասական ուղղագրութեամբ՝ արեւմտահայերէնով ու արեւելահայերէնով, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէնով։
Այս բոլորը ինքնաբերաբար ձեռք չբերուեցան։ Ձեր՝ ընթերցողներու, բաժանորդներու եւ նուիրատուներու շնորհիւ է, որ այս նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ իր երթը։
Անցեալ տարի, 2025-2026-ի մեր դրամահաւաքի արշաւով լուսարձակի տակ առինք բոլոր անոնք, որոնք յաճախ շուքի մէջ, բայց նուիրեալ աշխատանքով կը հարստացնեն մեր էջերը՝ մեր թղթակիցները, յօդուածագիրները, երիտասարդ գրիչներն ու հաւատարիմ աշխատակիցները։ Անոնց շնորհիւ ընդլայնած են մեր հորիզոնները եւ բազմազան դարձած՝ մեր արծարծած նիւթերը։ Ձեր աջակցութիւնը կարելիութիւն տուաւ ամրապնդելու այս ցանցը եւ աւելի արժեւորելու անոնց աշխատանքը։
Այսօր՝ նոր կազմ, նոր թափ
Այս տարի նոր հանգրուան մը կը թեւակոխենք։ Մեր խմբագրական կազմը կը զօրանայ։
Նոր խմբագրուհի՝ ֆրանսերէն բաժնին համար։ Մեր ֆրանսախօս ընթերցողներուն թիւը հետզհետէ կ՚աճի։ Անոնց շարքին են Սփիւռքի երիտասարդ սերունդները, խառն ամուսնութիւններէ կազմուած ընտանիքները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բարեկամները։ Անոնց ակնկալութիւններուն համապատասխան բովանդակութիւն հրամցնելու նպատակով «Նոր Յառաջ»-ի խմբագրական կազմին միացած է Անիէս Օհանեան, որ ստանձնած է թերթին ֆրանսերէն բաժնին պատասխանատւութիւնը։ Անոր առաքելութիւնն է հարստացնել մեր ֆրանսերէն էջերը եւ հաղորդակցութեան կամուրջ մը ստեղծել հայախօս ու ֆրանսախօս ընթերցողներուն միջեւ։
Աւելի սերտ գործակցութիւն՝ Երեւանի «Յառաջ» կեդրոնին հետ։ Այս տարի Երեւանի «Յառաջ» կեդրոնը «Նոր Յառաջ»-ի համար կը պատրաստէ ձայնագիր հաղորդումներ՝ փոտքասթներ։ Կեդրոնը կ՚անդրադառնայ նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցող մշակութային կարգ մը իրադարձութիւններու։ Այս գործակցութիւնը մեր թերթին ձայնային նոր ներկայութիւն մը կ՚ապահովէ՝ միաժամանակ ամրապնդելով Փարիզի եւ Հայաստանի միջեւ կապերը։
Այսօր կը փափաքինք աւելի զարգացնել այս գործակցութիւնը՝ աւելցնելով հաղորդումներուն թիւը, ստեղծելով նոր ձեւաչափեր, արծարծելով Հայաստանն ու Սփիւռքը միաւորող նիւթեր եւ ընդլայնելով մեր հասանելիութիւնը յատկապէս այն հանրութեան մօտ, որ կը նախընտրէ լսել, քան կարդալ։
Ինչո՞ւ կարեւոր է ձեր նուիրատւութիւնը
Անկախ թերթ մը կրնայ գոյատեւել միայն իր ընթերցողներուն աջակցութեամբ։ Ձեր նուիրատւութիւնը կարելիութիւն պիտի տայ՝
ապահովելու ֆրանսախօս մեր նոր խմբագրուհիին վարձատրութիւնը,
զարգացնելու Երեւանի «Յառաջ» կեդրոնին հետ փոտքասթներու պատրաստութիւնը,
պահպանելու մեր աշխատակիցներուն մասնակցութիւնը, որ մեր խմբագրական բազմազանութեան գլխաւոր յենարաններէն է,
երաշխաւորելու «Նոր Յառաջ»-ի անկախութիւնը յառաջիկայ տարիներուն։
Հանգանակուած գումարին յատկացումը
«Նոր Յառաջ»-ի 17-ամեակին առթիւ՝ նպաստեցէ՛ք թերթին խմբագրակազմի ամրապնդման, որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել գալիք տարիներու մարտահրաւէրները։
Այս տարուան մեր նպատակն է 18 000 եւրօ
Նոր աշխատակից մը ներգրաւելը առաջին քայլն էր։ Հիմա անհրաժեշտ է հաստատ հիմերու վրայ դնել անոր աշխատանքը եւ ամրապնդել խմբագրական կազմը, որպէսզի «Նոր Յառաջ» համացանցի վրայ եւս կարենայ առաջարկել նոյնքան հարուստ եւ բազմազան տեղեկատւութիւն, որքան ֆրանսահայ այլ լրասփիւռները։
Հանգանակուելիք 18 000 եւրօն պիտի յատկացուի խմբագրական կազմի նոր անդամին աշխատանքի առաջին ամիսներու վարձատրութեան ապահովման։
Դրամահաւաքին շահառուն
Դրամահաւաքի այս արշաւին անմիջական շահառուն «Նոր Յառաջ»-ի խմբագրութիւնն է, որ նոր անդամով մը ընդլայնած է իր կազմը։
Ծրագիրը իրականացնողները
«Նոր Յառաջ»-ի խմբագրական կազմը
«Նոր Յառաջ»-ի իւրաքանչիւր թիւին ետին կը գտնուի չորս հոգիէ բաղկացած փոքր, բայց նուիրեալ եւ բազմակողմանի կարողութիւններով օժտուած կազմ մը։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր մասնագիտական հմտութիւններով, լեզուական կարողութիւններով եւ իւրայատուկ հայեացքով կը նպաստէ թերթին հրատարակութեան։
Յարութիւն Կոպէլեան – Գլխաւոր խմբագիր – Թերթին համահիմնադիրներէն Յարութիւն Կոպէլեան անոր ստեղծման առաջին օրէն իսկ առանցքային դեր կը կատարէ։ Ան ներկայ է թերթին պատրաստութեան բոլոր հանգրուաններուն՝ խմբագրական աշխատանքէն մինչեւ համացանցային կայքէջին վարումը, եւ իր ամէնօրեայ մասնակցութեամբ կ՚ապահովէ անոր բնականոն գործունէութիւնը։ Իր անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ է նաեւ, որ «Նոր Յառաջ» կրցած է շարունակել հրատարակութիւնը եւ յաղթահարել դժուարին ժամանակաշրջաններ։
Անիէս Օհանեան – Ֆրանսերէն բաժնի խմբագրուհի – Խմբագրական կազմին ամէնէն նոր անդամին ներկայութիւնը արդէն իսկ նոր թափ հաղորդած է թերթին։ Անոր աշխատանքով հարստացած է ֆրանսերէն բաժինը՝ գրականութեան եւ յիշողութեան նուիրուած էջերու թարգմանութիւններով, կայքէջին համար պատրաստուած յօդուածներով, տեղեկութիւններու որոնումով եւ ընթացիկ լուրերու հետեւողական լուսաբանումով։ Անոր մասնակցութիւնը «Նոր Յառաջ»-ին կարելիութիւն կու տայ հասնելու ֆրանսախօս ընթերցողներու աւելի լայն շրջանակի մը, յատկապէս Սփիւռքի երիտասարդ սերունդներուն, որոնք հայերէն չեն կարդար կամ այլեւս դադրած են կարդալէ։
Ժիրայր Չոլաքեան – Հրատարակութեան տնօրէն – Ան իր բազմաբնոյթ պատասխանատւութիւններով կը մասնակցի թերթին ամէնօրեայ գործունէութեան՝ խմբագրական աշխատանք, վարչական գործեր, հանրային յարաբերութիւններ, հարցազրոյցներ եւ խմբագրական կազմի աշխատանքներու համակարգում։
Անի Բրդոյեան – Երեւանի «Յառաջ» կեդրոնի տնօրէնուհի – Ան կ՚ապահովէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող մշակութային եւ գեղարուեստական իրադարձութիւններուն լուսաբանումը։ Միաժամանակ կը ստանձնէ փոտքասթներու եւ հարցազրոյցներու պատրաստութիւնը, ձայնագրութիւնն ու մոնթաժը։
Չորս հոգի, երկու լեզու, մէկ հասարակաց նպատակ՝ մատուցել որակաւոր տեղեկատւութիւն՝ մեր յիշողութեան հաւատարիմ եւ միաժամանակ դէպի ապագայ հայող։
Հանրային մասնակցութեամբ
դրամահաւաք՝
HelloAsso-ի միջոցաւ

Նուիրատւութիւնները կրնան եկամտահարկէն 66 տոկոսի չափով զեղչի իրաւունք տալ՝ հարկման ենթակայ եկամուտին 20 տոկոսի սահմանին մէջ։
Այսպէս, համապատասխան հարկային պայմանները լրացնելու պարագային, 100 եւրոյի նուիրատւութեան համար կարելի է օգտուիլ 66 եւրոյի հարկային զեղչէ, որով նուիրատւութեան իրական ծախսը կը կազմէ ընդամէնը 34 եւրօ։ ■
