Գոհարներ՝ ազերպայճանական իշխանութիւններու՝ Արցախ կազմակերպած այցէն

Հաճիեւ

Ինչպէս գրած էինք, ազերպայճանական իշխանութիւնները՝ երկրին մէջ հաւատարմագրուած օտար դիւանագէտներուն համար Սեպտեմբեր 11-ին այց մը կազմակերպած էին դէպի Արցախ՝  Ստեփանակերտ, Շուշի, Մարտակերտ եւ Քարվաճառ։

Ստորեւ գոհարներ այդ այցէն.

Ազերպայճանի նախագահի օգնականը «կեղծուած» հնութիւններ «կը բացայայտէ» օտարերկրեայ դիւանագէտներուն

Ընկերային ցանցերու վրայ շրջող տեսանիւթի մը մէջ կ՚երեւի Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը, որ օտարերկրեայ դիւանագէտներուն ցոյց կու տայ «բռնագրաւման» տարիներուն հայերու կողմէ վանքին մէջ (ո՞ր վանքը՝ յայտնի չէ) ցուցադրուած «կեղծ» հնութիւնները։

Թերթատելով խստօրէն պահպանուող «հինաւուրց մատեանները»՝ ան դիւանագէտներուն կը բացատրէ, թէ միայն ցուցադրուած առաջին էջն է, որ գրութիւններ եւ պատկերազարդումներ կը պարունակէր, մինչ մնացեալ բոլոր էջերը ամբողջութեամբ պարապ էին։

ԽՄԲ.- «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ի ողբացեալ հեղինակ Անդրանիկ Ծառուկեան եթէ ողջ ըլլար՝ թերեւս պիտի գրէր նաեւ «Պատմութիւն չունեցող մարդիկ», որոնք կը փորձեն ուրիշներու պատմութիւնն ու ժառանգութիւնը անէացնել, այդ անէացումով հարթացուած հողին վրայ «կառուցել»-ու համար իրենց հազիւ քանի մը տասնամեայ պատմութիւնը։ 

Տեսանիւթին կապը՝

https://twitter.com/operativmedia/status/2098714262093058078/video/1

***

Հիքմեթ Հաճիեւ. «2020 թուականէն ի վեր աւելի քան 45 բնակավայր վերակառուցուած է եւ յանձնուած նախկին ներքին տեղահանուածներու տրամադրութեան»

Ստորեւ տրուած հատուածն ալ առնուած է Հիքմեթ Հաճիեւի՝ Սեպտեմբեր 11-ին, «ամբողջութեամբ վերակառուցուած» Ստեփանակերտի մշակութային կեդրոնին մէջ, դիւանագէտներու առջեւ ունեցած ելոյթէն։ 

Առանց մեկնաբանութեան.

«Աւելի քան 40 000 նախկին ազերպայճանցի ներքին տեղահանուածներ արդէն իսկ վերադարձած են Ղարաբաղ, եւ ուրիշներ ալ պիտի հետեւին անոնց։ Ասիկա մեծ հպարտութեան աղբիւր է։ 2020-էն ի վեր աւելի քան 45 բնակավայր վերակառուցուած է եւ յանձնուած նախկին ներքին տեղահանուածներու տրամադրութեան։ Ներկայիս շուրջ 100 000 հոգի կ՚ապրի, կ՚աշխատի եւ կ՚ուսանի Ղարաբաղի մէջ։

Ասիկա ցոյց կու տայ յետ-հակամարտութեան վերականգնման եւ շինարարութեան ոլորտին մէջ Ազերպայճանի ձեռք բերած եզակի փորձառութիւնը։ Մենք կը կարծենք, որ Ազերպայճանի փորձը կրնայ օգտակար ըլլալ նաեւ աշխարհի այլ տարածաշրջաններուն համար, որոնք կը տառապին հակամարտութիւններէ եւ պատերազմներէ։ Ազերպայճանի հիւրընկալած Համաշխարհային քաղաքային համաժողովը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ համագործակցութիւնը, փոխադարձ յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ փորձառութեան ու գիտելիքներու փոխանակումը կենսական նշանակութիւն ունին այս աշխատանքին մէջ»։

***

Մեքսիքայի դեսպան. «Մեր երկրի Ազգային տօնը երկրորդ անգամ ըլլալով պիտի նշենք Շուշիի մէջ»

“Ստեփանակերտի մէջ իրականացուող վերականգնման եւ վերակառուցման աշխատանքները ցոյց կու տան, որ քաղաքը զգալիօրէն փոխուած է իմ նախորդ այցելութենէս ի վեր”,– «Azertac»-ին տուած հարցազրոյցին հաստատած է Ազերպայճանի մէջ Մեքսիքայի դեսպան Մարիա Վիքթորիա Ռոմերօ Քապայերօ։

Դիւանագէտը յայտնած է, որ ինք միշտ ուրախ է այցելելու Ղարաբաղ։ Ան նշած է, որ ասիկա իր երկրորդ այցելութիւնն է Ստեփանակերտ, եւ որ քաղաքը խոր փոփոխութիւններ կրած է։

“Կը նկատեմ, որ Ստեփանակերտի մէջ շատ բաներ բարելաւուած են։ Քաղաքը այն աստիճան փոխուած է, որ անճանաչելի դարձած է իմ առաջին այցելութեանս բաղդատմամբ”,– ըսած է դեսպանը։

Մեքսիքացի դիւանագէտը նաեւ յայտնած է, որ իր երկրի Ազգային տօնը երկրորդ անգամ ըլլալով պիտի նշուի Շուշիի մէջ։

“Այս տարին մեզի համար յատուկ կարեւորութիւն ունի։ Մենք երկրորդ անգամ ըլլալով մեր Ազգային տօնը պիտի նշենք Շուշիի մէջ։ Այս անգամ ձեռնարկին պիտի մասնակցինք դեսպանատան անձնակազմին հետ միասին, ինչ որ շատ իւրայատուկ պիտի ըլլայ մեզի համար”,– ընդգծած է դիւանագէտը։

ԽՄԲ.- Ուրիշի արեան ու աւերակներուն վրայ, «ազատագրուած» Արցախի մէջ սեփական տօնակատարութիւնը սարքելու Մեքսիքայի դեսպանին այս փութաջանութիւնը ակամայ կը յիշեցնէ «պապէն աւելի պապական» ասացուածքը. ան կը մոռնայ, որ բռնագրաւուած հողին վրայ ծածանող օտար դրօշները երբեք չեն կրնար ջնջել պատմական իրողութիւնն ու մարդկային ողբերգութիւնը։