Պաքուի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտները այցելած են Գանձասար
Օտար դիւանագէտները Գանձասարի վանական համալիրին մէջ
Հաճիեւ զայն եւս հռչակած է «աղուանական»
Ազերպայճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչները Սեպտեմբեր 12-ին այցելած են Գանձասար։ Ըստ «APA» լրատուական գործակալութեան՝ դիւանագէտներուն հրամցուած է վանքին «պատմութիւնը»։ Ազերպայճանական գործակալութիւնը կը պնդէ, թէ «Գեանճասարի» եկեղեցւոյ հիմքերը դրած է «աղուանական իշխան Հասան Ջալալը» 1216-1238 թուականներուն։
Ազերպայճանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ տեսանիւթ մը տարածած է օտարերկրեայ դիւանագէտներուն հետ դէպի Գանձասար եւ Դադիվանք կատարուած այցելութեան մասին՝ յայտարարելով, թէ «Գեանճասարն» ու «Խուդավենգը» «հին Կովկասեան Աղուանքի» քրիստոնէական ժառանգութեան անբաժանելի մասն են։
Հաճիեւ կրկնած է «աղուանական իշխան Հասան Ջալալի» կողմէ Գանձասարի հիմնադրման վարկածը, ապա պնդած, թէ «բռնագրաւման տարիներուն» պատմական այս երկու յուշարձանները վերանորոգման քօղին տակ ենթարկուած են արտաքին զանազան միջամտութիւններու, որոնց հետեւանքով խախտուած են անոնց ճարտարապետական իսկութիւնն ու սկզբնական տեսքը։ Իլհամ Ալիեւի օգնականը վստահեցուցած է, թէ ազերպայճանական պետութիւնը նուիրուած է պատմական, մշակութային եւ կրօնական յուշարձաններու պահպանման ու վերականգնման՝ անկախ անոնց ծագումէն կամ կրօնական պատկանելիութենէն։ Ան նոյնիսկ աւելցուցած է, որ այս մարզին մէջ Ազերպայճանի փորձառութիւնը միջազգային ճանաչում ձեռք բերած է, եւ թէ իրենք պատրաստ են այդ փորձառութիւնը բաժնելու այլ երկրներու, ներառեալ՝ դրացիներուն հետ։

Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին,
որ այլեւս չկայ
Ազերպայճանցի պաշտօնեան նաեւ կոչ ուղղած է «այս հարցով կեղծ լուրեր եւ խեղաթիւրուած պատումներ տարածող լրասփիւռներուն»՝ տեղւոյն վրայ այցելելու պատմական յուշարձանները եւ իրականութիւնը տեսնելու սեփական աչքերով։ «Տեսնել՝ կը նշանակէ հաւատալ», յոխորտացած է Հաճիեւ։

Ստեփանակերտի Մայր տաճարը այս տարուան Ապրիլին առնուած լուսանկարին մէջ արդէն չկայ
Մինչդեռ իրականութիւնը հիմնովին կը հերքէ Պաքուի այս քարոզչութիւնը։ Մայր Աթոռն ու հայկական մշակութային ժառանգութեամբ զբաղող մասնագէտները բազմիցս ահազանգած են 2020-ի պատերազմէն եւ յատկապէս Արցախի հայաթափումէն ետք հայկական եկեղեցիներու, գերեզմանոցներու եւ այլ յուշարձաններու ոչնչացման ու աղուանականացման մասին։ Արդէն հողին հաւասարեցուած է Շուշիի Կանաչ ժամ եկեղեցին, իսկ այս տարուան Ապրիլին արբանեակային պատկերները հաստատեցին Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիներու քանդումը. արարք մը, զոր ազերպայճանական իշխանութիւնները արդարացուցին՝ այդ սրբավայրերը որակելով իբրեւ «բռնագրաւման խորհրդանիշեր»։


Ըստ արբանեակային լուսանկարներու՝ ոչնչացուած է նաեւ Շուշիի պատմական գերեզմանատունը
