Ֆրանսայի Հայ կաթողիկէներու Խաչվերացի դաշտահանդէսը՝ Սեւրի Մխիթարեան կեդրոնի վերածննդեան նախերգանք

PHOTO-2026-09-14-12-39-00

Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներու «Սուրբ Խաչ» միութիւնը Կիրակի, Սեպտեմբեր 13-ին, կազմակերպեց իր աւանդական մեծ դաշտահանդէսը, որ այս տարի յատկանշական էր վայրին ընտրութեամբ։ Շուրջ եօթը տարուան դադարէ ետք, ձեռնարկը վերստին իրականացաւ Սեւրի Մխիթարեաններու Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի պատմական կալուածէն ներս։ Այս երկարատեւ դադարը պայմանաւորուած էր հաստատութեան անմատչելիութեամբ, ինչ որ առժամապէս արգելք հանդիսացած էր նման հաւաքներու կազմակերպման։ Այս տարի, սակայն, յատուկ արտօնութեամբ թոյլատրուեցաւ մաքրել ու բարեկարգել վարժարանին առջեւի պարտէզը եւ, առանց հաստատութեան շէնքերը օգտագործելու, յաջողութեամբ հիւրընկալել շուրջ 350 հայրենակիցներ։ Պէտք է նշել, որ բաւական լայն արձագանգ գտած էր այս ձեռնարկին կազմակերպումը։

Օրուան յայտագիրը սկսաւ առաւօտեան ժամը 11-ին՝ Խաչվերացի հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով, զոր մատուցանեց Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներու Փարիզի Սուրբ Խաչ թեմի առաջնորդ Գերապայծառ Եղիա Եղիայեանը։

Ներկայ էին ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, ֆրանսական «L’Œuvre d’Orient» կազմակերպութեան նախագահ՝ Ժան-Իվ Թոլօն, վերապատուելիներ Ռընէ եւ Ժիլպէր Լեւոնեանները, համայնքային կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ընտանիքներ՝ մեծով-պզտիկով, ի շարս որոնց՝ Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի նախկին սաներ, որոնք կարօտով կը յիշէին իրենց անցուցած դպրոցական տարիները։ Ներկայ էր նաեւ հայ մտաւորականութիւնը՝ ի դէմս ականաւոր պատմաբան Գլօտ Մութաֆեանի եւ այլ ծանօթ գործիչներու։

Միաբանութեան ոգին վերակենդանացնող այս նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, կէսօրուան ճոխ ճաշէն ետք մթնոլորտը աւելի աշխուժացաւ գեղարուեստական բաժնի մը գործադրութեամբ. ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Այտա Մահտեսը, որուն կատարումներուն դաշնակով ընկերակցեցաւ Արսէն Սէֆէրը՝ ստեղծելով իսկական տօնական եւ խանդավառ տրամադրութիւն. եղաւ նաեւ պարային ներկայացում։ Երեխաներուն համար ալ նախատեսուած էին զանազան խաղեր ու զբաղումներ, որպէսզի անոնց ծնողները լիովին վայելեն օրը։ Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ վիճակահանութեամբ։

Աւելցնենք նաեւ, որ տարածքին մէջ կը գործէին զանազան տաղաւարներ՝ ներկայացնելով ձեռագործ իրեր, յուշանուէրներ, գինի եւ այլն։ Այս շարքին, իր ուրոյն տաղաւարով ներկայ էր նաեւ «Նոր Յառաջ»-ը։

Սեւրի պատմական ընդարձակ կալուածը վերակենդանացնելու, այս ժառանգութեան տէր կանգնելու եւ զայն վերստին հայկական միութիւններու ու կազմակերպութիւններու տրամադրութեան տակ դնելու նպատակով՝ յատկապէս հայ կաթողիկէ համայնքը այսօր կը գործադրէ մեծ ճիգեր։ Վերանորոգման աշխատանքները, անշուշտ, հսկայական ներդրումներ եւ երկարատեւ ջանքեր կը պահանջեն։ Քանի որ շէնքը կը դասուի պետական պահպանութեան տակ գտնուող պատմամշակութային արժէքներու շարքին, իւրաքանչիւր ճարտարապետական միջամտութիւն պէտք է պաշտօնապէս արտօնուի համապատասխան գերատեսչութիւններու կողմէ։ Այս բարդ գործընթացը արդէն իսկ սկսած է, եւ առաջին յուսադրող քայլերը առնուած են։ Յատկանշական է, որ Սամուէլ Մուրատեան կեդրոնի նորոգութեան մեծածաւալ աշխատանքներուն լծուած է Արա Ահարոնեանը, որ արդէն իսկ յաջողութեամբ գլխաւորած էր Փարիզի Սուրբ Խաչ տաճարի վերանորոգման ծրագիրը։

Այս դաշտահանդէսը յաջորդական հաւաք մը չէր լոկ, այլ՝ մեր պատմական ժառանգութեան փրկութեան ու վերածնունդի ճանապարհին առնուած ամուր քայլ մը։

Թ. Շ.