Armenian Spirit. Լիւսի Խանեանի զուգանուագը հմայեց «Անաքօ» տափանաւը
Դաշնակահար ու երգահան Լիւսի Խանեանն ու հարուածային գործիքներու նուագող Իզայաս Ալվէսը «Անաքօ» տափանաւուն մէջ, Սեպտեմբեր 6-ին
Կիրակի, Սեպտեմբեր 6-ին, «Arménies» շարքին ծիրէն ներս, Փարիզի «Անաքօ» տափանաւը հիւրընկալեց եզակի երաժշտական ժամադրութիւն մը՝ «Armenian Spirit»-ը։ Անիկա զուգանուագ համերգ մըն էր, որ մէկտեղած էր դաշնակահար ու երգահան Լիւսի Խանեանն ու հարուածային գործիքներու նուագող Իզայաս Ալվէսը: Համերգային այս երեկոյթին, հայկական աւանդութիւնը վերապրեցաւ ներկայի շունչով՝ առաջնորդուելով տարբեր հորիզոններէ ժամանած, սակայն երաժշտական անկեղծութեան միեւնոյն որոնումով միաւորուած այս երկու արուեստագէտներուն կողմէ։
Երաժշտութիւն մը, որ կը վերածնի՝ փոխանակ պարզապէս կրկնուելու
Դաշնակահար ու երգահան Լիւսի Խանեան կը ներշնչուի հայկական աւանդական երաժշտութենէն, ժամանակակից նորարարական հոսանքներէն եւ խստօրէն անձնական զգացողութենէն՝ կերտելու համար իրեն յատուկ երաժշտական լեզու մը: Ան չի ձգտիր աւանդութիւնը քարացնելու իր սկզբնական վիճակին մէջ, այլ կը ջանայ զայն կենդանի պահել իր իսկ անցած ուղիով՝ իր պայքարներով, ուրախութիւններով եւ յայտնագործութիւններով՝ ինչպէս, որ ինք կը բանաձեւէ.
«Իմ մօտեցումս կը կայանայ ճանչնալու մէջ՝ բնութիւնը, ժողովրդական ոգին, պայքարներս ու ուրախութիւններս, աւանդութիւնը՝ իր կառոյցներով, ինքնութեամբ, դրական ու ժխտական կողմերով։ Սակայն յետոյ, կեանքի իմ անձնական փորձառութեանս, պայքարներուս, յայտնաբերումներուս, ցաւիս, գիտելիքներուս եւ ինքնակերտմանս ընդմէջէն, կը փնտռեմ իմ սեփական ձայնս եւ ուղիս՝ անկախ այդ ժառանգութենէն։ Խնդիրը բան մը խիստ իմաստով շարունակելը կամ պահպանելը չէ, այլ՝ կայանալն ու կերտելը»։
Ըստ իրեն՝ իւրաքանչիւր արուեստագէտ, իրականութեան մէջ, իր արուեստին ընդմէջէն կը դրսեւորէ իր սեփական «Ես»-ը՝ անկախ արտայայտման ձեւէն. արուեստագէտը միաժամանակ ստեղծագործութեան ակունքն է, անոր գործիքը եւ բուն ստեղծագործութիւնը: Վաւերականութիւնը, կ’ընդգծէ ան, նախ եւ առաջ պէտք է դրսեւորուի անհատական հոգիի մակարդակին վրայ: Այսպէսով, Լիւսի Խանեանի համար բախում չկայ անցեալին ու ապագային միջեւ այլ կա՛յ «Ես»-ի շարունակականութիւն՝ յարատեւ կայացման ուղիին վրայ:
Զուգանուագմը, հանդիպումմը
«Armenian Spirit»-ի այս երեկոյթին, Լիւսի Խանեանին կ’ընկերակցէր Իզայաս Ալվէսը՝ մտերմիկ զուգանուագի մը ձեւաչափով, որ լայն ասպարէզ կու տար երկու երաժիշտներու միջեւ երկխօսութեան։ Տպաւորապաշտ երանգներու, անակնկալ կառոյցներու եւ հայկական հոգիին մէջ արմատաւորման միջեւ՝ համերգը հանդիսատեսին հրամցուց իսկական զգայական ճամբորդութիւն մը՝ ժողովրդականի, նորարարականի եւ յանպատրաստից ստեղծագործման խաչմերուկին։
Անոնց համար, որոնք չկրցան ներկայ գտնուիլ այս համերգին, նշենք, որ երկեակը վերստին ելոյթ պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 10-ին՝ Համազգայինի հրաւէրով, մայրաքաղաքիս 9-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի «Ռոսինի» սրահին մէջ։ Այս անգամ խումբը հանդէս պիտի գայ որպէս քառեակ՝ Աննա Յովհաննիսեանի (բլուլ, շուի) եւ Կապրիէլ Փիէրի (քոնթրըպաս) ընկերակցութեամբ։
Լիւսի Խանեանի արուեստի աշխարհին աւելի մօտէն ծանօթանալու համար կրնաք այցելել՝
