Հայ գերիներու ազատ արձակման լուրէն ետք յայտնի դարձաւ, որ նոյն օրը՝ Յունուար 14-ին Հայաստանի մէջ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Սուրիոյ քաղաքացի վարձկաններ Եուսէֆ Ալաապեթ ալ-Հաճին եւ Մուհհրապ Մուհամմատ ալ-Շխերին, Թուրքիոյ միջոցաւ յանձնուած են Սուրիոյ իրաւասու մարմիններուն։

Արդարադատութեան նախարարութեան համաձայն՝` անոնց նկատմամբ կայացուած դատավճիռներուն հետագայ կատարումը պիտի շարունակուի իրենց քաղաքացիութեան պետութեան մէջ։

44-օրեայ պատերազմին Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցած երկու վարձկան ահաբեկիչները Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին կողմէ 2021 Մայիսին դատապարտուած էին ցմահ բանտարկութեան։