Վարչապետ Փաշինեան անընդունելի կը նկատէ Գանձասարի վերաբերեալ Հաճիեւի յայտարարութիւնները
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անընդունելի եւ անհասկնալի կը նկատէ Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի վերջին յայտարարութիւնները Գանձասարի վերաբերեալ՝ ընդգծելով, որ նման հռետորաբանութիւնը չի համապատասխաներ խաղաղութեան նկատմամբ անհրաժեշտ հոգատարութեան տրամաբանութեան։
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 12-ին, օտարերկրեայ դիւանագէտներու հետ Գանձասար կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Հաճիեւ վանքը ներկայացուցած էր իբրեւ «աղուանական» ժառանգութիւն եւ ի ցոյց դրած՝ Մատենադարանի նախկին մասնաճիւղին մէջ մնացած ցուցադրական կրկնօրինակ մատեաններու պարապ էջերը։ Մատենադարանի տնօրէնը անմիջապէս հերքած էր այս զրպարտութիւնները՝ յստակացնելով մատեաններուն զուտ թանգարանային բնոյթն ու Գանձասարի հայկական ծագումը։
Սեպտեմբեր 16-ին, Ազգային ժողովին մէջ, պատասխանելով երեսփոխան Լենա Մաթեւոսեանի առաջարկին, որ վարչապետը կը հրաւիրէր ամպիոնէն յայտարարելու Գանձասարի հայկական ըլլալը, Փաշինեան շեշտած է, թէ այս հարցին ամէնէն լաւատեղեակ պաշտօնատարը՝ Մատենադարանի տնօրէնը, արդէն իսկ արձանագրած է այդ փաստը։ “Ես ընդհանրապէս անիմաստ կը նկատեմ այս նիւթով խօսակցութիւնը”,– ըսած է Փաշինեան։
Վարչապետը միաժամանակ անիրագործելի եւ աննպատակ նկատած է Գանձասարի հայկական ծագումը Ազերպայճանին ապացուցելու փորձը. “Ասիկա մեզի համար որեւէ բան չի փոխեր, չէ փոխած եւ պիտի չփոխէ։ Մենք պէտք է հարցերը յստակօրէն տարանջատենք”։
Անդրադառնալով դրացի երկրի պաշտօնատարին յայտարարութիւններուն՝ Փաշինեան շեշտած է, որ հաստատուած խաղաղութիւնը արժէք է երկու երկիրներուն համար ալ։ Թէեւ Հաճիեւի խօսքերը այս ծիրէն ներս կը մնան անընդունելի, սակայն, ըստ վարչապետին, Հայաստան պէտք է շարունակէ նոյն խնամքով մօտենալ խաղաղութեան գործընթացին։
