Մեծամօրի մէջ կը վերսկսի «Cinema Town» շարժանկարային մեծ համալիրի կառուցումը
Հայաստանի կառավարութեան գանձատրմամբ եւ համայնքապետարանի աջակցութեամբ՝ Մեծամօրի մէջ վերստին թափ կ՚առնեն «Metsamor Cinema Town»-ի կառուցման շինարարական աշխատանքները։ 2024 թուականին սկսած, սակայն անծանօթ պատճառներով կիսատ մնացած այս մեծ նախագիծը այժմ կը վերսկսի՝ զայն աւարտին հասցնելու նպատակով։

Աշխարհահռչակ Universal Studios-ի օրինակով համալիրի տարածքը պիտի յատկանշուի իրական չափերով կառուցուած նկարահանման տաղաւարներով եւ բեմանկարներով (décors), որոնք պիտի վերարտադրեն ԺԹ. եւ Ի. դարերու Փարիզի, Պերլինի, Երեւանի, Էջմիածնի եւ Կոստանդնուպոլսոյ փողոցներն ու թաղամասերը։ Այս հսկայական ծրագիրը թոյլ պիտի տայ օտարերկրեայ թէ պատմական միջավայրեր պահանջող տեսարաններու նկարահանումները կատարել անմիջականօրէն Հայաստանի մէջ։

Հարթակին վրայ արդէն իսկ ընթացքի մէջ են հիմնական տաղաւարներու շինարարական աշխատանքները։ Կառուցուող առաջին շինութիւնը փարիզեան շէնք մըն է, որ յատկապէս նախատեսուած է բեմադիր Հայկ Օրդեանի («Order Film Production») նոր՝ «Գարունը դռան ետեւ» ժապաւէնին նկարահանումներուն համար։ Իրականութեան մէջ, ասիկա պաշտօնական անուանումն է մամուլի հաղորդագրութիւններուն մէջ իբրեւ «Կոմիտաս» յիշատակուած ֆրանքեւհայկական այն համատեղ ծրագրին, որ կը պատմէ մեծն Կոմիտաս Վարդապետի կեանքին ու գործունէութեան մասին։
Այս նախագիծը կը խոստանայ նոր շունչ եւ զարգացման աննախադէպ հեռանկարներ ապահովել Հայաստանի շարժարուեստի արդիւնաբերութեան։
