Սպիտակ տան-2

Հայ հոգեւոր առաջնորդներն ու ԱՄՆ-ու մէջ ՀՀ դեսպանը աղօթք հնչեցուցին Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ

Սեպտեմբեր 16-ին, Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է պատմական հանդիպում մը, ուր հայ հոգեւոր առաջնորդներն ու Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՀ դեսպանը հիւրընկալուած են ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ։ Անոնք հաւաքական աղօթք հնչեցուցած են Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ հաստատուած խաղաղութեան աջակցած նախագահ Թրամփի համար։

Ըստ դեսպանութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ այս նախաձեռնութիւնը իրականացած է ՀՀ դեսպանութեան եւ Սպիտակ տան Հաւատքի գրասենեակին գործակցութեամբ։ Պաշտօնական հանդիպումին ներկայ գտնուած են նաեւ Սպիտակ տան Հաւատքի գրասենեակի ղեկավար, ԱՄՆ-ու նախագահի երկարամեայ հոգեւոր հովիւ Փոլա Ուայթ-Քէյն եւ տնօրէն Ճենիֆըր Ս. Քորն։

Սպիտակ տան 1

Հանդիպումին հայկական կողմը ներկայացուցած են Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ ԱՄՆ-ու Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերու առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրտէրեանն ու Մեսրոպ եպիսկ. Պարսամեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ԱՄՆ-ու Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու առաջնորդներ Անուշաւան արք. Դանիէլեանն ու Միքայէլ եպիսկ. Մուրատեանը, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան աւագ հովիւ վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեանը։

Զրոյցի ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու, երկու ժողովուրդներուն միջեւ քրիստոնէական ու քաղաքակրթական կապերու, կրօնական ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն շուրջ։ Յատուկ կերպով շեշտուած է ժողովուրդներու միջեւ փոխըմբռնման ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով հաւատքի եւ հոգեւոր արժէքներու առանցքային նշանակութիւնը այս գործընթացին մէջ։

Աւարտին, հայ հոգեւոր առաջնորդները Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդներու բարօրութեան ու ապագային, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու բարեկամութեան համար։ Իրենց աղօթքին մէջ անոնք անդրադարձած են նաեւ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն՝ արժեւորելով նախագահ Տանըլտ Թրամփի ներդրումը Հայաստանի մէջ հաստատուած խաղաղութեան գործընթացին։