Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Թուիթըրի իր էջին գրած է.-
«ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի Դեկտեմբեր 20-ի քննարկումը յստակ կը մատնանշէ Ազերպայճանի կողմէ շրջափակուած Բերձորի միջանցքի անյապաղ եւ անվերապահ բացման վերաբերեալ միակամ եւ ոչ-երկիմաստ միջազգային համաձայնութիւնը։ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ անվտանգ կապը պէտք է վերականգնուի»։