Եւրոպական Միութիւնը 250 միլիոն եւրօ պիտի ներդնէ Սիւնիքի զարգացման համար

Սիւնիք

Եւրոպական Միութիւնը կը ծրագրէ 250 միլիոն եւրօ ներդնել Հայաստանի Սիւնիքի մարզի զարգացման եւ տեղական գործարարութեան աջակցելու նպատակով։ Այս մասին Վանաձորի մէջ յայտարարած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոսը։ Ըստ անոր, այս ներդրումները պէտք է գերազանցեն զուտ ենթակառուցային եւ տնտեսական ծրագրերը՝ կեդրոնանալով նաեւ մարդկային դրամագլուխի զարգացման վրայ, ինչ որ կենսական նշանակութիւն ունի երկրի ժողովրդավարական եւ ընկերային դիմադրականութեան համար։

Դեսպանը Եւրոպական Միութեան առեւտրային աջակցութեան ընդլայնումը ուղղակի կապած է հայկական արտածումներուն վրայ Ռուսաստանի գործադրած ճնշումներուն հետ։ Ան նշած է, որ հիւսիսային կարեւոր գործընկերոջ կողմէ կիրարկուած խստագոյն եւ պարտադրողական միջոցներէն ետք, Եւրոպական Միութիւնը զօրացուցած է իր առեւտրային զօրակցութիւնը։ Ան կ՚ակնկալէ, որ հայկական ապրանքներու համար առեւտրային նոր դիւրութիւնները շուտով ի զօրու պիտի դառնան՝ աւելցնելով, որ հարցը այժմ Հայաստանի իշխանութիւններուն ձեռքն է։ Եւրոպական խորհրդարանը արդէն իսկ հաստատած է առեւտուրի առժամեայ ազատականացման՝ Յանձնաժողովի առաջարկը, որ թոյլ կու տայ հարիւրաւոր հայկական արտադրատեսակներու առանց մաքսատուրքի մուտք գործել եւրոպական շուկայ։

Նշենք, որ Սիւնիքը արդէն քանի մը տարի է Եւրոպական Միութեան առաջնահերթութիւններէն է։ 2023 թուականին սկսուած «Դիմակայուն Սիւնիք. Եւրոպա խումբ» նախաձեռնութեամբ նախատեսուած է հինգ տարուան ընթացքին շուրջ 200 միլիոն եւրօ յատկացնել մարզին, որմէ 65 միլիոնը՝ որպէս դրամաշնորհ, իսկ 135 միլիոնը՝ որպէս վարկ։