Արմինէ Եոհաննէս. Հայաստանը՝ տարիներու ընդմէջէն

Armineh-2

Լուսան­կարչու­հի Ար­մի­նէ Եոհան­նէ­սի հե­ղինա­կած «Մենք ենք մեր սա­րերը» (“We Are Our Mountains”) առա­ջին գիր­քը, որ լոյս տե­սած է «Four Eyes» հրա­տարակ­չա­տան կող­մէ, կը մէկ­տե­ղէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ անոր իրա­գոր­ծած աւե­լի քան երե­սուն տա­րուան լու­սանկար­չա­կան աշ­խա­տան­քը։ Այս հրա­տարա­կու­թիւնը կը յա­ջոր­դէ Երե­ւանի Հա­յաս­տա­նի պատ­մութեան թան­գա­րանին մէջ անոր գոր­ծե­րու ցու­ցադրու­թեան:

1989-ին՝ Սպի­տակի երկրա­շար­ժէն մէկ տա­րի ետք, Ար­մի­նէ Եոհան­նէս կը բա­ցայայ­տէ Հա­յաս­տա­նը: Ծնած ըլ­լա­լով Թեհ­րան՝ հայ­կա­կան ըն­տա­նիքի եր­դի­քին տակ, ան կը նա­խաձեռ­նէ լու­սանկար­չա­կան աշ­խա­տան­քի մը, որ պի­տի շա­րու­նա­կուէր քա­նի մը տաս­նա­մեակ։ Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի մէջ ճամ­բորդու­թիւննե­րը կը յա­ջոր­դեն իրա­րու: Ան կը լու­սանկա­րէ ոչ միայն եր­կի­րը ցնցած իրա­դար­ձութիւննե­րը, այ­լեւ՝ բնա­կիչ­ներն ու անոնց առօ­րեան:

Այս ու­ղին այժմ ամ­փո­փուած է «Մենք ենք մեր սա­րերը» հա­տորին մէջ: «Four Eyes»-ի կող­մէ հրա­տարա­կուած այս առա­ջին մե­նագ­րութիւ­նը կը մէկ­տե­ղէ 1989-էն 2023 թուական­նե­րուն առ­նուած պատ­կերնե­րը: Պա­տերազ­մը, աք­սո­րը, հա­ւատքն ու վե­րաշի­նու­թիւնը գիր­քին գլխա­ւոր բնա­բան­ներն են: Այսքան եր­կար ժա­մանա­կաշրջա­նի մը ընտրու­թիւնը թոյլ կու տայ իրա­րու մօ­տեց­նել պա­հեր, զորս մա­մու­լի լրատ­ւութիւննե­րը յա­ճախ ան­ջա­տաբար կը ներ­կա­յաց­նեն:

1980-ին Ֆրան­սա հաս­տա­տուած Ար­մի­նէ Եոհան­նէ­սի լու­սանկար­նե­րը լոյս տե­սած են մի­ջազ­գա­յին հե­ղինա­կաւոր մա­մու­լին մէջ, ինչպէս՝ «Le Monde», «Libération», «The Washington Post» եւ «The Los Angeles Times»։ Անոր կա­պուա­ծու­թիւնը Հա­յաս­տա­նին կ’ու­ղեկցուի մարդկա­յին հան­դի­պումնե­րու նկատ­մամբ յա­տուկ ու­շադրու­թեամբ: «Կը հա­ւատամ, որ ամէ­նէն տպա­ւորիչ լու­սանկար­նե­րը կը ծնին նիւ­թին/են­թա­կային հետ իս­կա­կան կա­պէ մը»,– կը բա­ցատ­րէ ան «L’Œil de l’info»-ի կող­մէ վե­րատ­պուած գրու­թեան մը մէջ:

Այս տա­րի հա­յաս­տա­նեան հան­րութիւնն ալ հնա­րաւո­րու­թիւն ու­նե­ցաւ բա­ցայայ­տե­լու անոր աշ­խա­տան­քը Հա­յաս­տա­նի պատ­մութեան թան­գա­րանին մէջ: Ան­կա­խու­թեան 35-ամեակին առի­թով՝ Մա­յիս 27-էն Սեպ­տեմբեր 22 ներ­կա­յացուած ցու­ցա­հան­դէ­սը կը մէկ­տե­ղէր 110 սեւ-ճեր­մակ եւ գու­նա­ւոր լու­սանկար­ներ։ Յատ­կա­պէս 1980-ական­նե­րու աւար­տին եւ 1990-ական­նե­րու սկիզ­բին նուիրուած այս ցու­ցադրու­թիւնը պատ­կերնե­րը կը հա­մադ­րէր թան­գա­րանի հա­ւաքա­ծոնե­րէն բե­րուած առար­կա­ներու հետ: Ան­կա­խու­թեան առա­ջին տա­րիներն ու ան­ցումա­յին այդ շրջա­նի առօ­րեայ կեան­քը հոն կեդ­րո­նական տեղ կը գրա­ւէին։

Ֆրան­սե­րէն-անգլե­րէն երկլե­զու այս հա­տորը կ՚ընդգրկէ լրագ­րող եւ Կով­կա­սի հար­ցե­րու մաս­նա­գէտ Տիգ­րան Եկա­ւեանի յա­ռաջա­բանը, քար­տէս մը եւ պատ­մա­կան ու­ղե­նիշեր։ Այս բո­լորը կ՚օգ­նեն լու­սանկար­նե­րու բա­ցայայտման եւ անոնց վա­ւերագ­րած կեան­քե­րու տե­ղադրման՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի նո­րագոյն պատ­մութեան մէջ:

(Արմինէ Եոհաննէս, «We Are Our Mountains», «Four Eyes» հրա­տա­րակ­չութիւն, 58 եւրօ)։ ■