Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը համախմբման շարժում կը սկսին՝ չբացառելով հանդիպում մը Գարեգին Բ.-ի հետ
Հայաստանի ընդդիմադիր 12 քաղաքական ուժեր յայտարարած են «համազգային համախմբման» նախաձեռնութեան մը ստեղծումը՝ նպատակ ունենալով միաւորել իրենց ջանքերը Սահմանադրութեան փոփոխութեան, հայ-ազերպայճանական խաղաղութեան, ազգային ինքնութեան եւ ժողովրդավարական ազատութիւններու հարցերուն շուրջ։
Նախաձեռնութիւնը հրապարակուած է Նոյեմբեր 4-ի երեկոյեան՝ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած փակ հանդիպումէ մը ետք։ Հանդիպումը կայացած է նոյն օրը «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավարին ձերբակալութենէն քանի մը ժամ ետք։
Միացեալ յայտարարութիւնը ստորագրած ուժերուն շարքին են «Ուժեղ Հայաստան»-ը, Ռոբերտ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը, Սերժ Սարգսեանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի «Հայ Ազգային Կոնգրէս»-ը (ՀԱԿ), Գագիկ Ծառուկեանի «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը, ինչպէս նաեւ «Հայաքուէ»-ն, «Ապրելու երկիր»-ը, «Ժառանգութիւն»-ը եւ այլ կազմակերպութիւններ։
Հակառակ իրենց քաղաքական տարակարծութիւններուն՝ մասնակիցները համաձայնած են գործակցիլ չորս առաջնահերթութիւններու շուրջ. կանխել այն, ինչ որ իրենք կը կոչեն «Ալիեւեան Սահմանադրութեան պարտադրանք», խաղաղութիւն հաստատել՝ առանց միակողմանի զիջումներու եւ հողային կորուստներու, պաշտպանել ազգային ինքնութիւնն ու Հայ առաքելական եկեղեցին եւ վերականգնել ժողովրդավարական ազատութիւններն ու իրաւունքները։
Ընդդիմադիրները կը պնդեն, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան կողմէ նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւնները կը համապատասխանեն Պաքուի պահանջներուն։ Կառավարութիւնը կը մերժէ այս մեկնաբանութիւնը՝ շեշտելով, որ Սահմանադրութեան վերանայումը Հայաստանի ներքին հարցն է։
Նախաձեռնութեան կազմակերպիչները արդէն հանդիպումներ ունեցած են մտաւորականներու եւ հասարակական գործիչներու հետ։ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան Նոյեմբեր 6-ին յայտարարած է, թէ չի բացառեր, որ նոյն օրակարգով հանդիպում մը տեղի ունենայ նաեւ Գարեգին Բ.-ի հետ։ Ան յիշեցուցած է, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պաշտպանութիւնը համախմբման գլխաւոր նպատակներէն մէկն է։
Նոյեմբեր 7-ին, «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան յայտարարած է, թէ յաջորդ օրէն՝ Նոյեմբեր 8-էն սկսեալ, նախաձեռնութեան մասնակից ուժերուն ղեկավարներն ու գործուն անդամները Երեւանի տարբեր շրջաններուն մէջ հանրային իրազեկման ձեռնարկներ պիտի կազմակերպեն՝ ներկայացնելու համար սահմանադրական փոփոխութիւններուն նկատմամբ իրենց առարկութիւնները։ Ան չէ բացառած նաեւ հետագային փողոց իջնելով բողոքի գործողութիւններու դիմելու կարելիութիւնը։
Նախաձեռնողները կը ձգտին իրենց շուրջ համախմբել քաղաքական եւ հասարակական աւելի լայն շրջանակներ։ Սակայն առայժմ յայտնի չէ, թէ այս գործակցութիւնը պիտի վերածուի՞ մնայուն քաղաքական դաշինքի, թէ պիտի սահմանափակուի յայտարարուած չորս նպատակներուն շուրջ համատեղ գործունէութեամբ։
