Երուսաղէմի մէջ յարձակում 9-ամեայ հայ տղու մը վրայ

Երուսաղէմ

Ոստիկանութիւնը գործը փակած է առանց ձերբակալութեան

Երուսաղէմի մէջ, «Եոմ Քիփուր»-ի տօնին առիթով, հրեայ ծայրայեղականներ արտասուաբեր կազ սփռած են 9-ամեայ հայ տղու մը վրայ։ Իսրայէլեան «Channel 13» հեռատեսիլի կայանի լրագրող Եոսի Էլի «X»-ի իր էջին վրայ յայտնած է, որ Ուիլիըմ անունով տղան հեծանիւ կը քշէր Մամիլա թաղամասին մօտ՝ ականջակալներով երաժշտութիւն մտիկ ընելով։ Ըստ լրագրողին՝ խումբ մը երիտասարդներ սպառնալիքներով մօտեցած են երեխային ու պահանջած, որ հանէ ականջակալները, որմէ ետք անոր վրայ սրսկած են արտասուաբեր կազ։

Լրագրողը հրապարակած է նաեւ տեսանիւթ մը, ուր կ՚երեւի, թէ ինչպէ՛ս երեխան շտապ օգնութեան ինքնաշարժին մէջ բուժօգնութիւն կը ստանայ։ Ան կը պնդէ, որ թէեւ միջադէպը յստակօրէն արձանագրուած է անվտանգութեան տեսախցիկներուն կողմէ, սակայն ոստիկանութիւնը գործը փակած է՝ առանց որեւէ մէկը ձերբակալելու։

Ասիկա Ուիլիըմի դէմ կատարուած երկրորդ յարձակումն է։ Առաջին դէպքին քովն էր հայրը եւ զինք պաշտպանած է, մինչ այս անգամ երեխան առանձին էր։ Տղուն մայրը յայտնած է, որ միջադէպէն ետք իր որդին դժուարութեամբ կը քնանայ եւ կը վախնայ արտաքնապէս հրեայ կրօնաւորներու նմանող անձերէն։

Յիշեցնենք, որ վերջին ամիսներուն Երուսաղէմի Հայոց թաղամասին մէջ արձանագրուած են հայ համայնքին եւ եկեղեցական կառոյցներուն դէմ ուղղուած այլ յարձակումներ եւս: Օգոստոս 2-ին ոստիկանութիւնը ձերբակալած էր վեց հրեայ կրօնաւորներ (հինգ անչափահաս եւ մէկ չափահաս), որոնք հարուածած էին Սրբոց Յակոբեանց վանքի մուտքի դուռը, թքած, ինչպէս նաեւ քարեր արձակած վանական համալիրին ուղղութեամբ: Այդ ատեն ոստիկանութիւնը յայտարարած էր, թէ խստօրէն կը վերաբերի բռնութեան եւ ցեղապաշտութեան դրսեւորումներուն, իսկ կասկածեալներէն երեքին մուտքը Հին քաղաք առժամաբար արգիլուած էր։