Միրզոյեանն ու Պայրամովը Նիւ Եորքի մէջ քննարկած են խաղաղութեան հոլովոյթը

Միրզո-Պայրամ

Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը հանդիպում ունեցած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրէն ներս։

Ըստ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ նախարարները քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթն ու 2025-ի Ուաշինկթընի վեհաժողովէն ետք արձանագրուած յառաջընթացը:

Հանդիպումին ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն ընծայուած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ տնտեսական ու հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման: Կողմերը առեւտրային եւ տարանցիկ գործակցութիւնը նկատած են խաղաղութեան գործնական արդիւնք: Միրզոյեանն ու Պայրամովը քննարկած են նաեւ տարբեր միջազգային հարթակներու վրայ դրական օրակարգ յառաջ մղելու կարելիութիւնները: