Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Էտուար Ֆիլիփի զօրակցութեան պատգամը

 

Նախկին վարչապետ եւ ներկայիս Լը Հաւրի քաղաքապետ Էտուար Ֆիլիփ, Յունուար 6-ին, թուիթերեան իր հաշուով զօրակցութեան պատգամ մը յղած է հայկական Սուրբ Ծննդեան առիթով.-

«Այսօր աշխարհասփիւռ Հայերը կը նշեն Սուրբ Ծնունդը։ Ան պէտք է ըլլար խաղաղութեան պահ մը, բայց այս տարի մտահոգութեան երանգ կը կրէ: Հայկական հողերը վտանգուած են, Ղարաբաղի բնակչութիւնը ենթակայ է անմարդկային շրջափակման։ Կը փափաքիմ իմ ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնել հայ ժողովուրդին»։