Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Զուիցերիոյ Ծերակոյտի յանձնաժողովը պիտի դիմէ կառավարութեան՝ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ օդային կապ հաստատելու նպատակով

Զուիցերիոյ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը, մտահոգուած Արցախի մարդասիրական իրավիճակով, գրաւոր դիմում պիտի կատարէ կառավարութեան՝ ընդգծելով, որ կը դատապարտէ միջազգային իրաւունքի խախտումները, որոնք դրսեւորուած են 2022 Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Բերձորի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով։

Յանձնաժողովը կը խնդրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ գործողութիւններու ձեռնարկել՝ թէ՛ շրջափակման վերացման ու ռազմական գործողութիւններու դադրեցման, եւ թէ՛ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ օդային մարդասիրական կամուրջ հաստատելու աշխատանքը կազմակերպելու ուղղութեամբ։