Ֆրանսացի 25 քաղաքական դէմքեր կը պահանջեն Պաքուի մէջ պահուող հայերուն ազատ արձակումը

Հայ գերիներ

Ֆրանսական քաղաքական դաշտի տարբեր հոսանքներ ներկայացնող 25 քաղաքական դէմքեր «Le Figaro»-ի էջերուն հրապարակուած համատեղ կոչով կը պահանջեն Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար պահուող բոլոր հայերուն «անմիջական եւ անվերապահ ազատ արձակումը»։ Կոչին միացած են, ի շարս այլոց, Կապրիէլ Աթթալ, Զաւիէ Պերթրան, Ռաֆայէլ Կլիւքսման, Էտուար Ֆիլիփ, Պրիւնօ Ռըթայօ, Մարին Թոնտըլիէ եւ Սեկոլէն Ռուայալ։

Կոչի հեղինակները կը յիշեցնեն, որ շուրջ 20 հայեր, որոնց մեծ մասը ձերբակալուած է 2023-ին Արցախի հայ բնակչութեան զանգուածային տարագրումի ընթացքին, ծանր պատիժներու դատապարտուած են Ազերպայճանի մէջ, իսկ ոմանք՝ ցմահ բանտարկութեան։ Ներքոստորագրեալները 2023-ի այդ իրադարձութիւնները կը բնորոշեն իբրեւ ցեղային զտում եւ կը նշեն, որ կալանաւորներէն ոմանք արդէն քանի մը տարիէ ի վեր ամբողջովին կամ գրեթէ ամբողջովին կտրուած են իրենց ընտանիքներէն եւ արտաքին աշխարհէն։ Մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններ եւս վերջերս մտահոգութիւն յայտնած են անոնց պահման պայմաններուն եւ ընտանիքներու հետ շփումներուն սահմանափակումներուն առնչութեամբ։ 

Ստորագրողները կը յիշեցնեն նաեւ, որ Եւրոպական Խորհրդարանը եւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը տարբեր առիթներով պահանջած են հայ գերիներու եւ կալանաւորներու ազատ արձակումը։ Եւրոպական կառոյցներու ներկայացուցիչները 2026 Փետրուարին եւս կոչ ուղղած էին Պաքուին՝ ազատ արձակելու իր մօտ պահուող հայերը, իսկ ամերիկեան յանձնախումբը Յուլիսին 44 ձայնով՝ 7-ի դէմ, որդեգրած էր անոնց անմիջական եւ անվերապահ ազատ արձակումը պահանջող առաջարկ մը։ 

Ֆրանսացի քաղաքական գործիչները իրենց կոչին մէջ մտահոգութիւն կը յայտնեն նաեւ, որ շարունակուող կալանքը կրնայ օգտագործուիլ Հայաստանի վրայ նոր զիջումներ պարտադրելու իբրեւ ճնշման միջոց՝ ընթացող խաղաղութեան գործընթացին մէջ։ Իրենց ձեւակերպումով՝ եթէ այդ մտավախութիւնը հիմնաւորուի, ապա այդ անձերը փաստօրէն նաեւ «պատանդի» կարգավիճակի մէջ կը գտնուին։

Կոչը կ՚աւարտի այն շեշտումով, որ Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութիւն կարելի չէ կառուցել կամայականութեան, նուաստացման եւ մոռացութեան վրայ․ «ճշմարիտ խաղաղութիւն չկայ առանց արդարութեան, ազատութեան եւ արժանապատւութեան»։ 

Կոչը ստորագրած են հետեւեալ 25 քաղաքական դէմքերը․ 

  1. Կապրիէլ Աթթալ — նախագահական ընտրութեան «Renaissance»-ի թեկնածու, երեսփոխան
  2. Զաւիէ Պերթրան — նախագահական ընտրութեան թեկնածու, Հօ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահ
  3. Լիւք Գարվունաս  — Ալֆորվիլի քաղաքապետ
  4. Էրիք Սիոթթի — Նիսի քաղաքապետ
  5. Նիքոլա Տարակոն — Վալանսի քաղաքապետ
  6. Միքայէլ Տըլաֆոս — Մոնփըլիէի քաղաքապետ
  7. Կրեկորի Տուսէ — Լիոնի քաղաքապետ
  8. Օլիվիէ Ֆոռ — նախագահական ընտրութեան Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու, կուսակցութեան առաջին քարտուղար, երեսփոխան
  9. Ժիլ Ճիովանանճելի— Գորսիքայի Գործադիր խորհուրդի նախագահ
  10. Ռաֆայէլ Կլիւքսման — նախագահական ընտրութեան «Place publique»-ի թեկնածու, Եւրոպական Խորհրդարանի երեսփոխան
  11. Թիէրի Լըֆեվր — Իսի-լէ-Մուլինոյի քաղաքապետ
  12. Նիքոլա Մեյէր-Ռոսինիոլ — Ռուանի քաղաքապետ
  13. Քրիսթել Մորանսէ— Փէյի տը լա Լուառ շրջանի նախագահ
  14. Ժան-Լիւք Մուտան — Թուլուզի քաղաքապետ
  15. Ռընօ Միւզըլիէ — Փրովանս-Ալփ-Գոթ-տ՚Ազիւր շրջանի նախագահ
  16. Ֆապրիս Փանըքուք — Օվերնյը-Ռոն-Ալփ շրջանի նախագահ
  17. Պընուա Փեյան — Մարսիլիոյ քաղաքապետ
  18. Վալերի Փեքրէս — Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահ
  19. Էտուար Ֆիլիփ — նախագահական ընտրութեան «Horizons»-ի թեկնածու, կուսակցութեան նախագահ եւ Լը Հաւրի քաղաքապետ
  20. Պրիւնօ Ռըթայօ — նախագահական ընտրութեան «Les Républicains»-ի (Հանրապետականներ) թեկնածու
  21. Ֆապիէն Ռուսէլ — նախագահական ընտրութեան Ֆրանսայի Համայնավար կուսակցութեան թեկնածու եւ կուսակցութեան ազգային քարտուղար
  22. Սեկոլէն Ռուայալ — նախագահական ընտրութեան թեկնածու
  23. Ժիլ Սիմէոնի — Պասթիոյ քաղաքապետ, Գորսիքայի Գործադիր խորհուրդի անդամ
  24. Մարի Թոնտըլիէ — նախագահական ընտրութեան թեկնածու, «Les Écologistes»-ի (Բնապահներ) ազգային քարտուղար եւ Հօ-տը-Ֆրանսի շրջանային խորհրդական
  25. Մարթին Վասալ — Պուշ-տիւ-Ռոն վարչաշրջանի նախագահ