Հայաստանի հաւաքականը 0-2 պարտուեցաւ Կիպրոսէն
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2-ին իր երկրորդ պարտութիւնը կրեց ՈՒԷՖԱ-ի Ազգերու լիկային մէջ՝ Կիպրոսի դաշտին վրայ 0-2 արդիւնքով զիջելով տանտէրերուն։
Գ. Լիկայի (Գ. դասակարգ) 2-րդ խմբակի երրորդ փուլի հանդիպումին երկու կոլերն ալ նշանակուեցան առաջին կիսախաղին։ Կիպրոսի հաւաքականը օգտուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան սխալներէն. Լէոնիտաս Քոնոմիս 19-րդ վայրկեանին բացաւ հաշիւը, իսկ Անդրոնիքոս Քաքուլիս 31-րդ վայրկեանին կրկնապատկեց իր խումբին առաւելութիւնը։
Երկրորդ կիսախաղին Հայաստանի հաւաքականը չկրցաւ փոխել հանդիպումին ընթացքը, եւ խաղը աւարտեցաւ Կիպրոսի 2-0 յաղթանակով։
Այս արդիւնքէն ետք Հայաստան երեք միաւորով կը գրաւէ խմբակին երրորդ դիրքը։ Կիպրոս չորս միաւորով երկրորդն է, իսկ Մոնթենեկրօ երեք խաղի երեք յաղթանակով կը գլխաւորէ դասաւորումը։
Ազգերու լիկայի առաջին երկու հանդիպումներուն Հայաստան Երեւանի մէջ 2-0 յաղթած էր Լաթվիոյ, ապա 2-3 արդիւնքով պարտուած՝ Մոնթենեկրոյէն։
Հայաստանի հաւաքականը իր յաջորդ հանդիպումը պիտի կատարէ Հոկտեմբեր 5-ին, հիւրընկալուելով Մոնթենեկրոյի կողմէ։
