Ֆրանսա կը խոչընդոտէ Ազերպայճանի, իսկ Թուրքիա՝ Հայաստանի հետ ՕԹԱՆ-ի գործընկերութեան ծրագիրը
Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ առարկութիւններուն պատճառով ՕԹԱՆ չի կրնար յառաջ մղել Հայաստանի եւ Ազերպայճանի հետ իր նոր գործընկերութեան ծրագրերը, որոնք աւելի քան տարիէ մը ի վեր առկախ կը մնան։
Ֆրանսա կը խոչընդոտէ Ազերպայճանի հետ ՕԹԱՆ-ի գործընկերութեան նոր համաձայնութեան հաստատումը՝ Փարիզի եւ Պաքուի միջեւ առկայ տարակարծութիւններուն պատճառով։
Թուրքիա, իր կարգին, կը խոչընդոտէ Հայաստանի հետ ՕԹԱՆ-ի գործընկերութեան ծրագրին հաստատումը՝ պահանջելով, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի վերաբերող երկու ծրագրերը միասին եւ միաժամանակ վաւերացուին։
Առաջարկուող նոր գործընկերութիւնները պիտի ընդլայնեն ՕԹԱՆ-ի հետ համատեղ ռազմափորձերը, զինուորական պատրաստութեան ծրագրերն ու քաղաքական համագործակցութիւնը։
ՕԹԱՆ-ի դիւանագէտներ կը զգուշացնեն, որ այս փակուղին կրնայ դժուարացնել Հայաստանի եւ Ազերպայճանի՝ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքերը, մինչ երկու երկիրներն ալ կը փորձեն որոշ չափով հեռանալ Ռուսաստանէն։
