Ազերպայճանցի զինուորական Նասիմի Մուսաեւ երկու ամիս կալանաւորուեցաւ Հայաստանի մէջ
Հայաստանի դատարանը երկու ամիս նախնական կալանք սահմանած է ազերպայճանցի զինուորական Նասիմի Ռահիմ օղլու Մուսաեւի նկատմամբ՝ Սիւնիքի Շաքի գիւղին մէջ տեղի ունեցած զինեալ միջադէպին առնչութեամբ։
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի բանբեր Քիմա Աւդալեանի համաձայն՝ Մուսաեւի նկատմամբ քրէական հետապնդում կը կատարուի հինգ մեղադրանքով։
Ան կը մեղադրուի Հայաստանի պետական սահմանը ապօրինաբար անցնելու, ռազմական նշանակութեան իրեր, հրազէն ու ռազմամթերք մաքսանենգելու եւ ապօրինաբար կրելու, ուրիշի բնակարանի անձեռնմխելիութիւնը խախտելու, ինչպէս նաեւ ծանրացուցիչ հանգամանքներով՝ հրազէնի գործածութեամբ ծանր մարմնական վնաս պատճառելու յանցանքներով։
Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն հրապարակած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Հոկտեմբեր 1-ին, Մուսաեւ ապօրինաբար անցած է Հայաստանի սահմանը եւ մուտք գործած Սիւնիքի Շաքի գիւղի տուներէն մէկը։ Երբ տան բնակիչները նկատած են զինք, ան կրակ բացած է։
Տան 39-ամեայ բնակչուհին ոտքէն վիրաւորուած է՝ իր երեք երեխաներուն ներկայութեան։ Մուսաեւ ապա հեռացած է տունէն, սակայն կարճ ժամանակ ետք գտնուած է Շաքիի մէկ այլ հասցէի մէջ եւ ձերբակալուած։
Կնոջ երեխաներէն երկուքը եւս բժշկական օգնութեան դիմած են։ 15-ամեայ երեխային մօտ հաստատուած է աջ դաստակի բեկում, իսկ 12-ամեայ երեխային մօտ՝ փափուկ հիւսուածքներու վնասուածք։ Անոնց առողջական վիճակը գնահատուած է բաւարար։
Վիրաւոր կինը նախ փոխադրուած է Սիսիանի բժշկական կեդրոն, ապա՝ Երեւան։ Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Ավանէսեանի համաձայն՝ անոր վիճակը կայուն է, անհրաժեշտ բուժումը կը ստանայ եւ կեանքին վտանգ չի սպառնար։ Երեխաներուն եւս բժշկական ու հոգեբանական օգնութիւն տրամադրուած է։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը նաեւ յայտնած է, որ Ազերպայճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը Սեպտեմբերին 29-ին տեղեկացուցած էր, թէ զինուորական մը անհետացած է իր ծառայութեան վայրէն՝ չբացառելով, որ ան կրնար Հայաստանի սահմանը անցած ըլլալ։
