Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Յունուար 22-ին, յաւարտ Սուրբ պատարագի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ բոլոր թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներու մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի Գեղարքունիքի զօրամասին մէջ ծագած հրդեհին զոհ գացած զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան համար։