ԵՄ-ի Խորհուրդի պատուիրակութիւնը այցելած է Շուշի, Ստեփանակերտ եւ Աղդամ

Screenshot

Screenshot

Ազերպայճանական պետական լրատու գործակալութիւն AZERTAC-իհամաձայն,Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ աշխատանքային խումբի (COEST),– որուն մաս կը կազմեն աւելի քան 20 եւրոպական երկիրներու ներկայացուցիչներ,– պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 1-2-ին այցելած է Ազերպայճան, ապա՝ Արցախի եւ յարակից տարածքներու շարք մը բնակավայրեր։

Պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 1-ին Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է Ազերպայճանի նախագահի օգնական եւ նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւի հետ։

Վերջինս հանդիպումին ընթացքին ԵՄ-ի եւ Ազերպայճանի գործընկերութիւնը ներկայացուցած է իբրեւ «ռազմավարական նշանակութիւն» ունեցող՝ առանձնացնելով Ազերպայճանի դերակատարութիւնը Եւրոպայի ուժանիւթային ապահովութեան, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան եւ Միջին միջանցքի զարգացման մէջ։ Ան նաեւ յայտնած է, որ կողմերը կ՚աշխատին նոր համապարփակ երկկողմ համաձայնագրի եւ թարմացուած գործընկերութեան առաջնահերթութիւններու վրայ։

Հոկտեմբեր 2-ին COEST-ի պատուիրակութիւնը այցելած է Շուշի, ապա՝ Ստեփանակերտ։ AZERTAC-ի լրատւութեան մէջ բոլոր վայրերը յիշատակուած են իրենց ազերպայճանական անուանումներով եւ ներկայացուած՝ որպէս «գրաւումէ ազատագրուած տարածքներ»։

Շուշիի մէջ պատուիրակութեան տեղեկութիւններ ներկայացուած են քաղաքի պատմութեան եւ վերակառուցման աշխատանքներուն մասին։ Պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Վերին եւ Ներքին Գոհար Աղա մզկիթները, քաղաքի բերդերը եւ Ղազանչեցոց եկեղեցին։

Ուշագրաւ է, որ առնուազն այս լրատւութեան մէջ եկեղեցին «աղուանական» չէ բնորոշուած։ Փոխարէնը, ամբողջ լուրը ազերպայճանական անուանումներու իսկական տարափ մըն է՝ կարծէք Պաքուն ստիպուած ըլլար եւրոպացի «իր հիւրերուն» կրկին ու կրկին բացատրելու, թէ այդ հողերը որքա՜ն «ազերպայճանական» են։

Ստեփանակերտի մէջ ԵՄ-ի ներկայացուցիչները այցելած են այսպէս կոչուած «Ղարաբաղի համալսարան», ուր անոնց ներկայացուած են ուսումնական հաստատութեան գործունէութիւնը, քաղաքի մէջ իրականացուող շինարարական աշխատանքներն ու ներքին տեղահանուած ազերպայճանցիներու վերադարձի ծրագրերը։

Ստեփանակերտէն ետք պատուիրակութիւնը մեկնած է Աղդամի շրջան, ուր հանդիպած է Ազերպայճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Էմին Հիւսէյնովի հետ։ Վերջինս ներկայացուցած է Աղդամի, Ֆիզուլիի եւ Խոջավենդի շրջաններուն մէջ իրականացուող վերականգնման եւ շինարարական աշխատանքները։

Աղդամի շրջանի Սարըճալը գիւղին մէջ պատուիրակութիւնը ծանօթացած է ականազերծման աշխատանքներուն։ AZERTAC-ի համաձայն՝ Ազերպայճանի Ականազերծման գործակալութեան ներկայացուցիչները ԵՄ-ի պատուիրակութեան ներկայացուցած են տարածքներու ականապատուածութեան եւ չպայթած զինամթերքի խնդիրը՝ այդ առնչութեամբ մեղադրանքներ ուղղելով Հայաստանին։

Պատուիրակութեան նաեւ տեղեկութիւններ հաղորդուած են տարածքներու վերականգնման ծրագրերուն, ինչպէս նաեւ անհետացած ազերպայճանցիներու ճակատագիրը պարզելու աշխատանքներուն եւ վերջին տարիներուն յայտնաբերուած զանգուածային գերեզմաններուն մասին։

Այսպէսով, այցը ընդգրկած է ոչ միայն տեղւոյն վրայ կատարուած այցելութիւններ, այլեւ ԵՄ-Ազերպայճան քաղաքական, ուժանիւթային եւ ապահովական համագործակցութեան շուրջ քննարկումներ՝ այն պահուն, երբ կողմերը կը փորձեն վերաձեւակերպել իրենց երկկողմ գործընկերութեան հիմքերը։