Հիքմէթ Հաճիեւ. «Հայաստանի մէջ փոխվրէժի ձգտող ուժերը տակաւին զօրաւոր են»
Screenshot
Ազերպայճանական պետական լրատու գործակալութիւն AZERTAC-ի համաձայն, Ազերպայճանի նախագահի օգնական եւ նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարած է, որ Պաքու մտահոգուած է Հայաստանի մէջ փոխվրէժի ձգտող ուժերու շարունակուող ազդեցութեամբ եւ նման տրամադրութիւններու պահպանմամբ։
CAMCA տարածաշրջանային համաժողովին ունեցած ելոյթին ընթացքին Հաճիեւ նախ անդրադարձած է Միջին Արեւելքի զարգացումներուն՝ նշելով, որ Ազերպայճան կը պատրաստուի շրջանին մէջ «յարաբերական անկայունութեան երկարատեւ ժամանակաշրջանի» մը։
Ապա ան անդրադարձած է Հայաստանի ներքին կացութեան՝ պնդելով, որ հայկական հասարակութեան մէջ տակաւին զօրաւոր են այն ուժերը, որոնք, իր բնորոշումով, փոխվրէժի ձգտումներ կը սնուցանեն։
“Փոխվրէժի ձգտող ուժերը տակաւին զօրաւոր են հասարակութեան մէջ եւ տարբեր ձայներ կը լսենք։ Մտահոգիչ է նաեւ տեսնել, որ փոխվրէժի տրամադրութիւնները կը պահպանուին երիտասարդ հայերու մօտ։ Ցաւօք, անոնք եւս կը շարունակեն այդ տրամաբանութեամբ մտածել”,– ըսած է Հաճիեւ։
Ան Հայաստանի կառավարութեան կոչ ուղղած է «աւելի մեծ ջանքեր գործադրելու՝ բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու համար»։
Հաճիեւ միաժամանակ յայտարարած է, որ Ազերպայճան վճռած է շարունակել խաղաղութեան օրակարգը եւ, իր խօսքով, զայն «ամրապնդել գործնականին մէջ»՝ ձեւաւորելով խաղաղութեան գաղափարին խարսխուած նոր համակարգ մը, որ երկարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պիտի ապահովէ հայ եւ ազերպայճանցի ժողովուրդներուն համար։
«ՆՅ» – Իրապէս «յուզիչ» է Պաքուի այս անսահման հոգածութիւնը հայ երիտասարդութեան հոգեկան անդորրին եւ խաղաղասիրական դաստիարակութեան նկատմամբ։ Հիքմէթ Հաճիեւ հաւանաբար պահ մը մոռցած է, որ «խաղաղութեան նախապատրաստուող» իրենց պետութիւնը նոյն այն երկիրն է, ուր երեխաներ ու պատանիներ կը տարուէին Պաքուի տխրահռչակ «Ռազմաւարի պուրակ»՝ հայ զինուորները մեռնող կամ մահացած վիճակի մէջ ներկայացնող, ծաղրանկարային ու խեղաթիւրուած դիմագիծերով մոմէ արձաններուն առջեւ լուսանկարուելու եւ «յաղթանակին» ծանօթանալու։
Անշուշտ, հայատեացութիւնը սերունդէ-սերունդ փոխանցելու ալիեւեան այս «խաղաղասիրական» աւանդութեան մաս կը կազմեն նաեւ ազերպայճանական դպրոցական դասագիրքերը, որոնց մէջ հայերու բացասական եւ թշնամական պատկերումը արձանագրուած է նոյնիսկ միջազգային կառոյցներու կողմէ։ Կարելի է յիշել նաեւ Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք հրապարակուած պետական դրոշմաթուղթը, ուր ախտահանող մը Արցախի տարածքը կը «մաքրէ». պատկեր մը, որ դժուար է անջատել հայը վարակ կամ մաքրուելիք ախտ ներկայացնող խորհրդաբանութենէն։
Եւ մինչ հայկական դարաւոր եկեղեցիներ, գերեզմանոցներ ու մշակութային յուշարձաններ կ՚ոչնչացուին կամ իրենց հայկական ինքնութենէն զրկուելով «աղուանական» կը վերամկրտուին, Պաքուի խօսնակներուն՝ հայկական հասարակութիւնը «փոխվրէժի ձգտում»-ով մեղադրելու յանդգնութիւնը կը վերածուի անճաշակ սեւ կատակի։ Caucasus Heritage Watch-ը բարձր լուծաչափով արբանեակային ուսումնասիրութիւններով փաստագրած է Արցախի մէջ տասնեակներով եկեղեցիներու, վանքերու եւ գերեզմանոցներու ամբողջական ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ հայկական եկեղեցիներու «աղուանական» վերագրումները։
Ըստ երեւոյթին, Ազերպայճանի քաղաքական բառարանին մէջ «խաղաղութեան նախապատրաստուիլ» կը նշանակէ լուռ ու մունջ համակերպիլ սեփական կորուստին ու ստորացման հետ, իսկ արժանապատուօրէն գոյատեւելու, սեփական իրաւունքները պաշտպանելու կամ Արցախի դարաւոր հայ բնակչութեան՝ իր պապենական հողերը վերադառնալու ամենաբնական իրաւունքին պաշտպանութիւնը՝ արդէն իսկ «փոխվրէժի ծայրայեղ տրամադրութիւն» է։
