Նոր հանգրուան ֆրանքեւհայկական ապակեդրոնացուած գործակցութեան մէջ
Լիոն հիւրընկալեց Հայաստան–Օվերնյը-Ռոն-Ալփ տնտեսական համաժողովը

Հոկտեմբեր 1-ին Լիոնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան–Օվերնյը-Ռոն-Ալփ երկրորդ տնտեսական համաժողովը՝ նուիրուած գիւղատնտեսական-պարէնային ոլորտին եւ գիւղազբօսաշրջութեան։
Համաժողովի բացման խօսքով հանդէս եկան Օվերնյը-Ռոն-Ալփ շրջանի նախագահ Ֆապրիս Փանքուք եւ Հայաստանի Տնտեսութեան փոխնախարար Արման Խոջոյեան։
Ֆապրիս Փանքուք ընդգծեց Հայաստանի հետ ապակեդրոնացուած գործակցութեան զարգացման կարեւորութիւնը՝ յատկապէս առանձնացնելով Սիւնիքի մարզին հետ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ կապերը, ինչպէս նաեւ երկու շրջաններու եօթական համայնքներուն միջեւ հաստատուած գործընկերութիւնները։ Ան նաեւ կարեւոր նկատեց Ֆրանսա-Հայաստան առեւտրական պալատի (CCIFA) Լիոնի մասնաճիւղին բացումը՝ զայն համարելով գործարար կապերու ամրապնդման եւ նոր գործակցութիւններու ձեւաւորման առանցքային հարթակ մը։
Արման Խոջոյեան ներկայացուց Հայաստանի տնտեսութեան բազմազանացման քաղաքականութիւնը, եւրոպական շուկաներուն հետ առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման միտող քայլերը, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած նուաճումներն ու արտածման զարգացման հեռանկարները։
Եզրափակիչ ելոյթներ ունեցան Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեանն ու Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէն։ Դեսպան Խաչատրեան ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան հաստատումով՝ երկկողմանի յարաբերութիւնները թեւակոխած են նոր հանգրուան մը, ուր իւրայատուկ նշանակութիւն ունի ապակեդրոնացուած գործակցութիւնը։ Ան շեշտեց գիւղատնտեսութեան, ջրային պաշարներու, ենթակառոյցներու, բարձր արհեստագիտութիւններու, նորարարութեան եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ գործակցութեան ներուժը՝ յատկապէս մատնանշելով Օվերնյը-Ռոն-Ալփ շրջանի ընձեռած կարելիութիւնները։
Համաժողովին հայկական կողմէն կը մասնակցէին նաեւ «Enterprise Armenia» եւ Հայաստանի խաղողագործութեան ու գինեգործութեան հիմնադրամի ներկայացուցիչները։
Ձեռնարկը համախմբած էր աւելի քան 200 մասնակիցներ՝ երկու երկիրներու պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, գործարար շրջանակներու, ոլորտային կազմակերպութիւններու եւ ֆրանսահայ կառոյցներու ներկայացուցիչներ։
Համաժողովի ծիրէն ներս, հայկական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Օվերնյը-Ռոն-Ալփ շրջանի նախագահ Ֆապրիս Փանքուքի հետ։
