Ազգերու լիկա – Մոնթենեկրօ – Հայաստան՝ 0-0
Ֆութպոլի Ազգերու լիկայի C2 խմբակի 4-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Հոկտեմբեր 5-ին հիւրը եղաւ Մոնթենեկրոյի:
Փոտկորիցայի մէջ տեղի ունեցած մրցումին առաջին կիսախաղին դաշտին տէրերը հիմնականին մէջ կը տիրապետէին գնդակին ու կը թելադրէին խաղին կշռոյթը: Հայաստանի հաւաքականի տղաքը շեշտը դրած էին հակայարձակումներու վրայ: Առաջին կիսախաղին կողմերէն ոչ մէկը կրցաւ օգտագործել ստեղծուած առիթները:
Երկրորդ կիսախաղին երկուստեք յարձակումները շարունակուեցան, սակայն կողմերէն ոչ մէկը յաջողեցաւ զանոնք կոլի վերածել: Մրցումի աւարտին Մոնթենեկրոյի հաւաքականը մնաց 10 մարզիկով, երբ Լոնչար ուղղակի կարմիր քարտով հեռացուեցաւ դաշտէն: Ի վերջոյ, ճակատումը աւարտեցաւ առանց կոլի՝ Մոնթենեկրօ – Հայաստան՝ 0-0։
Ազգերու լիկայի 5-րդ հանգրուանին՝ Նոյեմբեր 12-ին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Կիպրոսը, իսկ վերջին հանգրուանին՝ Նոյեմբեր 15-ին, մրցակից պիտի ունենայ Լաթվիան:
