Զուգադիպութի՞ւն, թէ՞…

Թուրք-ազերպայճանական

Թրքական ռազ­­մա­­­կան ար­­դիւնա­­բերու­­թեան «Boğaziçi Savunma» ըն­­կե­­­րու­­թեան ազեր­­պայճա­­նական մաս­­նա­­­ճիւ­­ղը պաշ­­տօ­­­նապէս լու­­ծարման գոր­­ծընթա­­ցի մէջ մտած է։ Հոկ­­տեմբեր 4-ին հրա­­պարա­­կուած պաշ­­տօ­­­նական ծա­­նու­­ցումով պար­­տա­­­տէրե­­րուն եր­­կու ամիս պայ­­մա­­­նաժամ տրուած է իրենց պա­­հանջնե­­րը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու հա­­մար։ Լու­­ծարման պատ­­ճա­­­ռը չէ յայ­­տա­­­րարուած։

Ժա­­մանա­­կագ­­րութիւ­­նը, սա­­կայն, ու­­շագրաւ է։ Ըն­­դա­­­մէնը քանի մը օր առաջ՝ Պա­­քուի «ADEX-2026» պաշտ­պա­նական ցու­­ցահան­­դէ­­­սին, թրքա­­կան ըն­­կերու­­թիւններ Ազեր­­պայճա­­նի հետ ստո­­րագ­­րած էին 500 մի­­լիոն տո­­լարը գե­­րա­զան­­ցող հա­­մաձայ­­նա­­­գրեր։ Աւե­­լին՝ նոյն «Boğaziçi Savunma»-ն ազեր­­պայճա­­նական կող­­մին հետ ստո­­րագ­­րած էր տե­­ղական ար­­տադրու­­թեան եւ գոր­­ծընկե­­րու­­թեան հա­­մաձայ­­նա­­­գիր, իսկ «NOVASIS»-ի հետ՝ RF (Radio-fréquences) հա­­մակար­­գե­­­րու զար­­գացման յու­­շա­­­գիր։ Հե­­տեւա­­բար մաս­­նա­­­ճիւ­­ղին լու­­ծա­­­րու­­մը ինքնին դեռ չի նշա­­նակեր ըն­­կե­­­րու­­թեան՝ Ազեր­­պայճա­­նէն հե­­ռացու­­մը։

Բայց այս զար­­գա­­­ցու­­մը կը պա­­տահի այնպի­­սի պա­­հու մը, երբ Ան­­գա­­­րա-Պա­­քու յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն շուրջ ար­­տա­­­սովոր լա­րում մը նկա­­տելի դար­­ձած է։ Թուրքիոյ մէջ քննա­­դատու­­թիւններ հնչած էին նախ՝ ՄԱԿ-ի մէջ Նե­­թանիահուի ելոյ­­թին ըն­­թացքին՝ ազեր­­պայճա­­նական պա­­տուի­­րակու­­թեան դահ­­լի­­­ճը չլքե­­լուն, ապա՝ Ազեր­­պայճա­­նի դպրոց­­նե­­­րուն մէջ գլխա­­շոր կրող աշա­­կեր­­տուհի­­ներու նկատ­­մամբ սահ­­մա­­­նափա­­կումնե­­րու մա­­սին տե­­ղեկու­­թիւննե­­րուն պատ­­ճա­­­ռով։ Հոկ­­տեմբեր 3-ին Պոլ­սոյ ազեր­­պայճա­­նական հիւ­­պա­­­տոսա­­րանին առ­­ջեւ նոյ­­նիսկ բո­­ղոքի ցոյց մը տե­­ղի ու­­նե­­­ցած է գլխա­­շորի հար­­ցով։

Լա­­րու­մին վրայ նոր շերտ մը աւել­­ցուցած է Իլ­­համ Ալիեւի Հոկ­­տեմբեր 2-ի ելոյ­­թը։ Ան յայ­­տա­­­րարած է, թէ Ազեր­­պայճան ոչ մէ­­կուն օգ­­նութեան կամ հո­­վանա­­ւորու­­թեան կա­­րիքը ու­­նի եւ իր բո­­լոր զէն­­քե­­­րը, «մին­­չեւ վեր­­ջին փամ­­փուշտը», գնած է սե­­փական դրա­­մով՝ եր­­բեմն նոյ­­նիսկ հա­­մաշ­­խարհա­­յին գի­­ներէն քա­­նի մը ան­­գամ աւե­­լի վճա­­րելով։ Ան նաեւ պա­­հան­­ջած է, որ ու­­րիշներ «իրենց տե­­ղը գիտ­­նան» եւ չմի­­ջամ­­տեն իր երկրին ներ­­քին գոր­­ծե­­­րուն։

Թէեւ Ալիեւ անու­նով չէ նշած Թուրքիան, սա­կայն անոր խօս­քե­րը բուռն հա­կադար­ձութեան ար­ժա­նացած են թրքա­կան հան­րա­յին դաշ­տին մէջ, ուր մեկ­նա­բան­նե­րը ան­մի­ջապէս Ալիեւի յի­շողու­թեան յանձնած են Ան­գա­րայի քա­ղաքա­կան եւ ռազ­մա­կան աջակ­ցութիւ­նը 2020-ի Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մին։

Եւ ահա ճիշդ այս «տաք» մթնո­­լոր­­տին մէջ թրքա­­կան ռազ­­մա­­­կան ար­­հեստա­­գիտու­­թեան ըն­­կե­­­րու­­թեան ազեր­­պայճա­­նական մաս­­նա­­­ճիւ­­ղը լու­­ծարման գոր­­ծընթա­­ցի մէջ կը մտնէ։

Քա­­ղաքա­­կա՞ն դրդա­­պատ­­ճառ, թէ՞ պար­­զա­­­պէս ըն­­կե­­­րու­­թեան վե­­րակազ­­մա­­­կեր­­պում եւ տե­­ղական ար­­տադրու­­թեան նոր ձե­­ւաչափ։ Առայժմ փաս­­տուած կապ չկայ։ Ուստի՝ զու­­գա­­­դիպու­­թի՞ւն, թէ՞… ■