Փաշինեան հակադարձած է Մետվետեւին. «Հայաստան նոր Ռուսաստանի ալ պէտք չէ վերածուի»
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կտրականապէս հակադարձած է Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւի զգուշացումին, թէ Հայաստան կրնայ «նոր Ուքրաինա»-յի վերածուիլ՝ շեշտելով, որ երկիրը հաստատակամօրէն կ՚ընթանայ դէպի աւելի մեծ ինքնիշխանութիւն։
Անդրադառնալով Ռուսաստանի նախկին նախագահին խօսքերուն, ուր ան պնդած էր, թէ Հայաստանի համար «վատթարագոյնը» պիտի ըլլայ նոր Ուքրաինա դառնալը՝ Փաշինեան հարցականի տակ առած է նման յայտարարութեան դրդապատճառը։ Ան անմիջապէս յիշեցուցած է Հայաստանի նախկին իրավիճակը, երբ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) պարզապէս չկատարեց երկրին հանդէպ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։
“Ինչո՞ւ պարոն Մետվետեւ նման յայտարարութիւն կ՚ընէ։ Ճիշդ նոյն տրամաբանութեամբ մէկն ալ կրնայ յայտարարել, որ Հայաստան յանկարծ նոր Ռուսաստանի մը պէտք չէ վերածուի, որովհետեւ Ռուսաստանի զանազան շրջաններուն մէջ պայթումներ կը լսուին։ Ասիկա լաւ ոճ չէ։ Հայաստան պիտի դառնայ հետզհետէ աւելի ինքնիշխան պետութիւն”,– սուր կերպով եզրափակած է Փաշինեան։
